ԱՊԱԳԱՅԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ համագումարին շրջագծով այս օրերուն կը տար-ւի բազմակողմանի աշխատանք։ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը միտուած է ապագայի վերաբերեալ տեսլական մը ուրուագծելու եւ այս կապակցութեամբ ծրագիրը կ՚ընդգրկէ հետաքրքրական զրոյցներու շարք մը։ Այս զրոյցներուն առաջինը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի «Այբ» դպրոցին մէջ։ «Մարդկային ներուժը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ» խորագրեալ երէկուան հաւաքոյթէն վերջ, զրոյցներու շարքը այսօր կը շարունակուի Ամերիկեան համալսարանի յարկէն ներս՝ «Հայաստանի պետականակերտման մարտահրաւէրները» անուանեալ հաւաքոյթով։
ՀԲԸՄ-ի զրոյցներու շարքը ընդհանուր քննարկումներու հարթակ ստեղծելու նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկ մըն է, որ կը նախատեսէ ընդգրկել շահագրգիռ բոլոր անձերն ու կազմակերպութիւնները՝ առաջարկելու համար ծրագրեր եւ մշակելու համար անոնց իրագործման ուղիները՝ հայ ազգի զարգացման հեռանկարով։ Զրոյցներու շարքին կը մասնակցին ՀԲԸՄ-ի 88-րդ ընդհանուր ժողովին համար աշխարհատարած մասնաճիւղերուն կողմէ փութացած գործիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տեղական ու միջազգային կազմակերպութիւններու, ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, կառավարութեան անդամներ եւ այլք։ Զրոյցներուն մասնակիցները յոյս կը յայտնեն, որ այս աշխատանքին շրջագծով հնարաւոր կը դառնայ ելոյթներու եւ հարցում-պատասխաններու միջոցաւ գտնել հասարակաց յայտարար մը, որ բազմաթիւ մարդոց համար ոգեշնչման առիթ պիտի դառնայ՝ ապագայի զարգացման ծրագրեր ներկայացնելու եւ մասնակից ըլլալու Հայաստանի ներկային ու գալիքին կերտման ընթացքին։
«Մարդկային ներուժը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ» խորագրեալ երէկուան հաւաքոյթը վարեց յայտնի լրագրող եւ հեռուստահաղորդավար Արտակ Ալեքսանեան, որ մանրամասնութիւններ հաղորդեց ՀԲԸՄ-ի կազմակերպուած այս զրոյցներու շարքի նպատակներուն շուրջ։ Ատենախօսներն էին «Այբ» կրթական հիմնարկի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Արամեան, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-նախագահ Սեմ Սիմոնեան («Սիմոնեան» կրթական հիմնարկի եւ «Թումօ» ստեղծարար փորձագիտութեան կեդրոնի հիմնադիր), Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան, «Նէյշընըլ Ինստրումենթց»ի ընդհանուր տնօրէն Արամ Սալաթեան եւ Microsoft-ի Հայաստանի ներկայացուցչութեան տնօրէն Եւա Հիւսեան։
Իր ելոյթին մէջ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Արամեան խօսեցաւ կրթութեան անհրաժեշտութեան մասին։ Ըստ իրեն, այսօր գոյութիւն ունի տեղեկատուութեան առատ հոսք մը եւ մարդիկ յաճախ գիտելիքը կը շփոթեն տեղեկատուութեան հետ։ Ան անհրաժեշտ համարեց զարգացման համար զանազանել գիտելիքն ու տեղեկատուութիւնը՝ կանգ առնելով անոնց հիմնական տարբերութեան վրայ։ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Արամեան անդրադարձաւ Հայաստանի ձգողականութեան բարձրացման անհրաժեշտութեան եւ աւելցուց, որ տնտեսութեան թէ կրթութեան մէջ պէտք է ունենալ համագործակցութեան համար բոլոր լծակները։ Ան խօսեցաւ նաեւ բարեգործութեան մասին։ Ըստ իրեն, Հայաստանի մէջ այսօր բարեգործութիւնը ըստ էութեան չի ծառայեր նպատակի մը։ Բարեգործութեան տարածուած ձեւերը այսօր արդիւնաւէտ չեն գործեր։ «Մենք կը կառուցենք շէնքեր, հապա անոնց բովանդակութի՞ւնը…», ըսաւ Արամեան, որու համոզմամբ անհրաժեշտ է բարեգործութիւն կատարելէ առաջ նախ որդեգրել նպատակ մը եւ ունենալ ապագայի մասին տեսլական։
Եւա Հիւսեան կարեւորեց երիտասարդութեան դերը Հայաստանի զարգացման գործին մէջ։ Ան համոզուած է, որ հնարաւորինս պէտք է երիտասարդներ ներգրաւուին զանազան ծրագրերու մէջ եւ անոնց պէտք է ներշնչուի լաւատեսութիւն։ «Մենք շատ կը խօսինք վատ երեւոյթներու մասին ու քիչ՝ յաջողութիւններու շուրջ։ Այդ պատճառով մեր երիտասարդները դուրս կը մնան յաջողութեան պատմութիւններէն», ըսաւ Եւա Հիւսեան։
Սեմ Սիմոնեան Հայաստանի զարգացման գործին մէջ կարեւորեց գրաւիչ միջավայրի մը ստեղծումը եւ այդ առումով մատնանշեց այն նորարարական կեդրոնները, որոնցմէ մին է «Թումօ»ն։ Իր դիտարկումներով, այդպիսի կեդրոնները մեծ դեր ունին գրաւիչ միջավայրեր ստեղծելու տեսանկիւնէն։ «Մեր նոր սերունդին օգնած կ՚ըլլանք այն ժամանակ, երբ Հայաստանի մէջ ստեղծենք գրաւիչ միջավայրը», ըսաւ Սիմոնեան։
Արմէն Տէր-Կիւրեղեանի համոզմամբ, մարդկային գիտակից եւ մտաւորական ուժը Հայաստանի ամենամեծ դրամագլուխը կրնայ հանդիսանալ։
Իրենց արտայայտութիւններէն վերջ բանախօսները պատասխանեցին նաեւ ներկաներու հարցումներուն։
«Այբ» դպրոցի դահլիճին մէջ երէկուան առաջին զրոյցին հետեւեցաւ հոծ բազմութիւն մը։ Ներկաներու շարքին էին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ իր ընկերները, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, «Լոյս» հիմնադրամէն Գայիանէ Ղումաշեան, «Այբ» դպրոցի տնօրէն Արամ Փախչանեան եւ այլք։
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, ՀԲԸՄ-ի 88-րդ ընդհանուր ժողովին շրջագծով երէկ յատկանշական ձեռնարկ մըն ալ տեղի ունեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս։ ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանին եւ Երեւանի քաղաքապետութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած շնորհանդէս մըն էր այս մէկը։ Հաւաքոյթի ընթացքին հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ ծանօթացուեցաւ «Բացայայտենք Երեւանը» էլէքտրոնիկ գիրքը։ Շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցան ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ իր գործակից ընկերները, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ քաղաքապետարանէն բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Պերճ Սեդրակեան եւ Տարօն Մարգարեան այս առթիւ փոխանակեցին պարգեւներ, մինչ ընդգծուեցան նաեւ ջանքերը ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գործօն անդամներէն Երուանդ Զօրեանի եւ Վազգէն Եագուպեանի, որոնք այս ծրագրին շրջագծով ստանձնած էին կարեւոր դերակատարութիւն։
Քաղաքապետարանի մուտքասրահին մէջ կազմակերպուած շնորհանդէսին մասնակիցները հետաքրքրութեամբ ծանօթացան Երեւանի վերաբերեալ այս էլէքտրոնիկ գրքի մանրամասնութիւններուն։