ՀԱՐՍՏԱՀԱՐՄԱՆ ՀԱՐՑԸ

Սե­փա­կան լրա­տուու­թիւն.-

Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, ան­ցեալ շա­բաթ Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. Հե­տա­զօ­տու­թեան 100 տա­րին» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

Պատ­մա­բան Ռայ­մոն Գէոր­գեան գի­տա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին մատ­նան­շեց, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար կը պար­փա­կեն նաեւ ոչ-հայ հե­տա­զօ­տող­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը։ Բաղ­դա­տա­կան այս մի­ջո­ցը, իր հա­մոզ­մամբ, լուրջ նպաստ­ներ պի­տի ա­պա­հո­վէ այս բնա­գա­ւա­ռին։ Ան կա­րե­ւո­րեց նաեւ Թուր­քիոյ մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան շար­ժում­նե­րը։ Գէոր­գեա­նի հա­մոզ­մամբ, ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ աշ­խա­տանք­նե­րը կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն նաեւ Ա. եւ Բ. աշ­խար­հա­մար­տե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։

«Քոչ» հա­մալ­սա­րա­նէն պատ­մա­բան Մեհ­մէտ Փո­լա­տէլ դի­տել տուաւ, որ հա­յոց հարս­տա­հար­ման գոր­ծըն­թա­ցը չէ սկսած 1915-ին եւ ա­ւե­լի վաղ շրջան­նե­րուն ալ շրջա­նա­յին մա­կար­դա­կով, մաս­նա­ւո­րա­պէս Ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­տո­լուի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած է քրդա­կան ցե­ղա­խում­բե­րու կող­մէ։ Բայց եւ այն­պէս, ա­ւե­լի վերջ թա­լա­նի գոր­ծըն­թա­ցը տա­րա­ծուած է կայս­րու­թեան ընդ­հա­նու­րին մէջ։ Իր բնո­րոշ­մամբ, հարս­տա­հար­ման գոր­ծըն­թա­ցը ցե­ղաս­պա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տար­րե­րէն մին ե­ղած է։

Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նէն պատ­մա­բան Մի­քա­յէլ Նշա­նեանն ալ ընդգ­ծեց, թէ Ա. աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին, զի­նա­դա­դա­րէն ան­մի­ջա­պէս վերջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած էին պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին գոր­ծուած յան­ցանք­նե­րու խնդիր­նե­րը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Իթ­թի­հա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը խոյս տուած էր Գեր­մա­նիա՝ Մի­քա­յէլ Նշա­նեան ը­րաւ այն հե­տե­ւու­թիւ­նը, թէ ա­նոնք կը գի­տակ­ցէին, որ ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն ալ օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ։ 1918-ի Նո­յեմ­բե­րին իթ­թի­հա­տա­կան վա­րիչ­նե­րը ռազ­մա­նա­ւով մը խոյս տուած էին Գեր­մա­նիա ու այն­տեղ թաք­նուած՝ կեղծ անձ­նագ­րե­րով։ Հե­տե­ւա­բար, Նշա­նեա­նի հա­մոզ­մամբ, այս հան­գա­ման­քը Գեր­մա­նիոյ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ հար­ցաքն­նու­թեան կը բա­նայ։

Պատ­մա­բան Ա­նէթ Պեքէրն ալ բա­ցատ­րեց, թէ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռին հե­ղի­նա­կը՝ Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քին ինչ­պէս այդ գիւ­տը ը­նե­լու ժա­մա­նակ հա­շուի ա­ռած էր 1915-ին հա­յոց են­թարկուած­ներն ու իր ըն­տա­նի­քին ապ­րած­նե­րը։ Ծա­նօթ է, որ Լեմ­քին հրեայ ար­մատ­նե­րով ի­րա­ւա­բան մըն էր, որ կ՚ապ­րէր Լե­հաս­տա­նի մէջ եւ ա­ւե­լի վերջ հաս­տա­տուած էր Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Ըստ Ա­նէթ Պե­քէ­րի, Լեմքի­նի կող­մէ եր­կու աշ­խար­հա­մարտ­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ կա­տա­րուած հե­տե­ւու­թիւն­նե­րը միայն վեր­ջին շրջա­նին է, որ պատ­մագ­րու­թեան մէջ կու գայ օ­րա­կար­գի վրայ։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2015