ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԱՅՑԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր շրջագայութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Տաճիկիստան եւ Խրղըզիստան։ Ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ Տուշանպէն։ Աշխատանքային այցելութեան շրջագծով Նալպանտեան Տաճիկիստանի մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Վաղը եւ միւս օրը Նալպանտեան պիտի գտնուի Պիշքէքի մէջ, ուր նախ պիտի մասնակցի ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Խորհուրդի նիստէն օր մը վերջ Նալպանտեան պաշտօնական այց մը պիտի իրականացնէ դէպի Խրղըզիստան եւ այս շրջագծով շփումներ պիտի ունենայ այդ երկրի ղեկավարութենէն բարձրաստիճան դէմքերու հետ։