ՊՈՒՔՐԷՇԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ ա­ւար­տեց իր ե­ռօ­րեայ ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը՝ դէ­պի Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ ե­րեք եր­կիր­ներ։ Իր շրջա­գա­յու­թեան վեր­ջին հանգ­րուանն էր Պուք­րէ­շը, ուր ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ռու­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Քլաուս Վեր­նէր Իո­ան­նի­սի կող­մէ։ Բարձր ա­րա­րո­ղա­կար­գով տե­ղի ու­նե­ցած դի­մա­ւոր­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, ա­պա գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Նա­խա­գահ­նե­րու հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան շնոր­հա­կա­լու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան շրջագ­ծով Ռու­մա­նիոյ կող­մէ Թուր­քիոյ ցու­ցա­բե­րուած ա­ջակ­ցու­թեան։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ յա­ռա­ջի­կա­յին Ռու­մա­նիա պի­տի դառ­նայ ԵՄ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հը՝ Էր­տո­ղան յոյս յայտ­նեց, թէ այդ հանգ­րուա­նին եւս ռու­մա­նա­կան կող­մը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, ՆԱ­ԹՕ-է ներս ալ եր­կու եր­կիր­նե­րու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի նոյ­նու­թեամբ։

Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Էր­տո­ղան մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Ռու­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Վիք­թոր Փոն­թա­յի հետ։ Այս հանգ­րուա­նին եր­կու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցան շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր։ Էր­տո­ղան եւ Փոն­թա մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նաեւ Թուր­քիա-Ռու­մա­նիա գոր­ծա­րար ֆո­րու­մին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը այս առ­թիւ շեշ­տեց, թէ վեր­ջին տաս­ներ­կու տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Թուր­քիա ոս­տում մը կա­տա­րած է կա­յու­նու­թեան եւ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ տնտե­սա­կան բարե­փո­խում­նե­րով։ Ըստ ի­րեն, Սեւ ծո­վու, Կով­կա­սի, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի, Մի­ջերկ­րա­կա­նի եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ Թուր­քիա կ՚ու­զէ տես­նել միակ բան մը՝ խա­ղա­ղու­թիւն եւ ան­դոր­րու­թիւն։ Էր­տո­ղան շեշ­տեց, որ 2002 թուա­կա­նէն ի վեր Թուր­քիա ու­նի յա­ջո­ղու­թեան պատ­մու­թիւն մը, զոր կը ներշն­չէ աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րը։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ան յի­շե­ցուց, թէ 52 տա­րիէ ի վեր Թուր­քիա կը սպա­սէ Եւ­րո­միու­թեան դրան մօտ։ Այ­սօր ոե­ւէ մէ­կը չի կրնար յստա­կօ­րէն բա­ցատ­րել, թէ Թուր­քիա ի՛նչ պա­կաս ու­նի։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, Թուր­քիա բեռ պի­տի չդառ­նայ ԵՄ-ին, այլ ընդ­հա­կա­ռակն՝ պի­տի թե­թեւց­նէ ա­նոր բե­ռը։

Պուք­րէ­շի մէջ Էր­տո­ղան մատ­նան­շեց նաեւ, որ Թուր­քիա ներ­կա­յիս «G-20» շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը կը վա­րէ։ Այս հանգ­րուա­նին հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սու­թեան վե­րա­բե­րեալ բազ­մա­թիւ նիւ­թեր կը գտնուին Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գին վրայ։ «Աշ­խարհ տնտե­սա­կան մեծ ճգնա­ժա­մէ մը կ՚անց­նի ու մենք այս շրջա­նին կը գի­տակ­ցինք մեր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան», ը­սաւ Էր­տո­ղան։ 

Նկա­տի ու­նե­նա­լով վեր­ջին օ­րե­րուն Թուր­քիոյ մէջ ապ­րուած­նե­րը՝ Էր­տո­ղան Պուք­րէ­շի մէջ  յայտ­նեց, որ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը պի­տի տե­ւա­կա­նաց­նեն շատ վճռա­կան ձե­ւով։ Իր ռու­մէն պաշ­տօ­նակ­ցին հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, թէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հե­տա­մուտ­նե­րը պէտք է միաս­նա­բար դի­մադ­րեն ա­հա­բեկ­չու­թիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2015