3300 ՏԱՐՈՒԱՆ ՍՐԲԱՎԱՅՐԵՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ

Հնա­գէտ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ շուրջ 3300 տա­րո­ւան ան­ցեալ ու­նե­ցող  ե­րեք սրբա­վայր յայտ­նա­բե­րած են: Ըստ «International Business Times»ի,  փոր­ձա­գէտ­նե­րուն կար­ծի­քով՝ Գե­ղա­րօ­տի բլու­րին գա­գա­թը գտնո­ւող ամ­րո­ցին մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած սրբա­վայ­րե­րը ժա­մա­նա­կո­ւան իշ­խող­նե­րուն կող­մէ կը գոր­ծա­ծո­ւէին` ա­պա­գան կան­խա­տե­սե­լու հա­մար:

Իւ­րա­քան­չիւր սրբա­վայ­րին մէջ ա­ռան­ձին սե­նեակ կայ, ուր կա­ւէ ա­ւա­զան մը կա­ռու­ցո­ւած է` մո­խի­րէ եւ խե­ցէ ա­նօթ­նե­րով լե­ցուն:

Քոռ­նե­լի հա­մալ­սա­րա­նի Փրոֆ. Է­տըմ Սմիթ եւ նոյն հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ Ճեֆ­րի Լէոն, ո­րոնք յայտ­նա­բե­րած են սրբա­վայ­րը, կ՚են­թադ­րեն, թէ կա­րե­լի է, որ այդ ժա­մա­նակ­նե­րու իշ­խող­նե­րը եւ մո­գե­րը ո­րոշ ի­րեր այ­րած եւ թրջած ըլ­լան սպիր­տի մէջ` գու­շա­կու­թեան ժա­մա­նակ գի­տակ­ցու­թիւ­նը մթագ­նե­լու հա­մար:

Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հան­րու­թեան եւ ղե­կա­վա­րու­թեան ա­նու­նը ան­ծա­նօթ է: Հե­տա­զօ­տող­նե­րը այդ վայ­րե­րուն մէջ բախ­տա­գու­շա­կու­թեան ե­րեք տե­սա­կի վկա­յու­թիւն­ներ յայտ­նա­բե­րած են, ի շարս ո­րոնց` ա­նա­սուն­նե­րու հրկի­զո­ւած ոս­կոր­նե­րով գու­շա­կու­թիւն:

Ըստ են­թադ­րու­թիւն­նե­րու, սրբա­վայ­րե­րը գոր­ծա­ծո­ւած են շուրջ հա­րիւր տա­րի, մին­չեւ ամ­րո­ցին  քան­դու­մը, հա­ւա­նա­բար` ա­նոր իշ­խող հան­րու­թեան հետ միա­սին: Գիտ­նա­կան­նե­րուն կար­ծի­քով, ա­տի­կա հա­ւա­նա­բար տե­ղի ու­նե­ցած է հա­կա­մար­տու­թեան մը պատ­ճա­ռով:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2015