ՎԵՐԱԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ

Շաբաթավերջի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները ուժերու անխուսափելի վերադասաւորման մը դուռը բացած է Թուրքիոյ առջեւ։ Թէ ինչպէ՞ս ընտրութիւններու արդիւնքը պիտի ցոլանայ երկրի քաղաքական կեանքին վրայ։ Ներկայիս այս է հիմնական հարցումը։

Ընդդիմադիր ՃՀՓ ներկայիս կը բարձրացնէ իր յաւակնութիւններու նշաձողը։ Արդարեւ, ան երկար տասնամեակներէ վերջ առաջին անգամ արդէն դարձար է երկրի հիմնական քաղաքական ուժը։ Տեղական ընտրութիւններու արդիւնքները ի յայտ կը բերեն, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ գլխաւորուած ԱՔ կուսակցութիւնը ներկայիս երկրի երկրորդ քաղաքական ուժն է։ Յամենայնդէպս, ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի միջեւ քուէներու տարբերութիւնը հազիւ երկու տոկոս է, իսկ «Ճումհուր» դաշինքի մասնակից ՄՀՓ-ի քուէները բաւարար կ՚ըլլան, որպէսզի կեդրոնի իշխանութիւնները ներկայիս պահեն իրենց գերակշիռ դիրքը։ Այս պատկերը, ըստ երեւոյթին, արտակարգ ընտրութեան մը ստիպողութենէն զերծ կը պահէ երկիրը, մինչ ԱՔ կուսակցութիւնն ալ կը ջանայ ժամանակ շահիլ՝ շաբաթավերջի ընտրութիւններով պայմանաւորուած ցնցումը յաղթահարելու համար։

Առհասարակ, ՃՀՓ-ի առաջին քաղաքական ուժ դառնալուն զուգահեռ՝ ընդդիմադիր ճամբարի համայնապատկերը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուի քաղաքական վերլուծաբաններուն կողմէ։ Այդ պատկերը կը ցոլացնէ ուրիշ հանգամանք մը, թէ աջակողմեան քաղաքական ուժերը հետզհետէ կը բարձրացնեն իրենց կշիռը, ինչ որ անկարելի է անուշադրութեան ենթարկել։ Յամենայնդէպս, ՃՀՓ-ի պարագային նոր կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլի առած քայլերը բարձր գնահատանքի կ՚արժանանան։ Միւս կողմէ, Անգարայի եւ Իսթանպուլի վերընտրեալ քաղաքապետները՝ Մանսուր Եավաշն ու Էքրէմ Իմամօղլուն ալ ակնյայտօրէն յառաջիկայ շրջանին պիտի դառնան երկրի հիմնական դերակատարներէն։ Այս երեք գործիչներուն շաբաթավերջի ընտրութիւններով ապահոված վերելքը, անշուշտ, ՃՀՓ-ի ներքին հաւասարակշռութիւններն ալ պիտի պայմանաւորէ յառաջիկայ շրջանին։

Ամփոփելով կարելի է ըսել, որ ՃՀՓ-ի պարագային ձգողականութիւնը զգալիօրէն բարձրացած է, ինչ որ անոր առագաստին նոր հով պիտի ապահովէ, մինչ ԱՔ կուսակցութիւնն ալ սպառած չի համարուիր վերջնականօրէն՝ քանի իշխանութեան գլուխ գտնուելու առաւելութիւններն ու խաղաքարտերը չեն կրնար անտեսուիլ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2024