ԽԱՉՔԱՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է բերել իր աջակցութիւնը, որպէսզի երկրէն ներս ստեղծուի խաչքարագործութեան դպրոց մը։ Այս ծրագրին կապակցութեամբ նախարարութիւնը կը համագործակցի խաչքարագործ Ռուբէն Նալպանտեանի հետ, որ նախաձեռնած է նման դպրոցի մը ստեղծման։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ընդգծեց, թէ ստեղծագործական երկար աշխատանք կը պահանջեն խաչքարերը, որոնք աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ հաստատուելով կը վերահաստատեն նաեւ հայ ինքնութիւնը։ Պօղոսեանի խօսքով, վարպետ Ռուբէն Նալպանտեան կ՚ապրի «ինքնաստեղծ» պետութեան մը մէջ եւ իր շուրջ ձեւաւորած է միջավայր մը, ուր ներառնուած են թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ իր շրջապատը, որոնք կը զբաղին խաչքարագործութեամբ։ «Եւ այս բոլորը կը կատարուին շատ իմաստաւորուած՝ կրելով իրենց մէջ խաչքարի խորհուրդը եւ առաջնորդուելով այդ հանգամանքով՝ կ՚իրականացուի հսկայական եւ դժուարին աշխատանք մը», ըսաւ նախարարը։
Յասմիկ Պօղոսեան Արմաւիրի մարզը այցելելու ժամանակ Ռուբէն Նալպանտեանը պարգեւատրեց իր նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» յուշամետայլով։ Երկարամեայ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելով հազար խաչքարերու հեղինակ դարձած Ռուբէն Նալպանտեան կը նպաստէ նաեւ մարզի մշակութային կեանքի զարգացման։ «Վարպետ Ռուբէնի կողմէ ներկայացուած դպրոց ստեղծելու նախաձեռնութիւնը ես շատ կը կարեւորեմ, որովհետեւ այստեղ երախաները առաջին հերթին պէտք է սորվին նկարել, պէտք է ծանօթանան հայկական զարդանախշերու արուեստին եւ անկէ վերջ անոնք պիտի կարենան իրականացնել արդէն գործնական աշխատանքները», ըսաւ Յասմիկ Պօղոսեան։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է նաեւ թուայնացնել Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանէն ներս ի պահ դրուած նիւթերը։ Հարկ է նշել, որ այդ թանգարանը կը գործէ նախարարութեան ենթակայութեան ներքեւ եւ համապատասխան որոշման նախագիծը կառավարութեան ներկայացուած է որպէս անհրաժեշտութիւն։