ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կին (Tarih Vakfı) կող­մէ 2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ կազ­մա­կեր­պուած Հինգ­շաբ­թիի զրոյց­նե­րու շար­քը նա­խըն­թաց ե­րե­կո­յեան շա­րու­նա­կուե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան հանգ­րուա­նով մը։ Սոյն զրոյց­նե­րու 15-րդ հանգ­րուա­նին ա­տե­նա­խօսն էր Իզ­մի­րի «Է­քո­նո­մի» հա­մալ­սա­րա­նէն Տեւ­րիմ Սե­զէր։ «Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն» խո­րագ­րեալ զե­կուց­ման ըն­թաց­քին ա­տե­նա­խօ­սը 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ ը­րաւ Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քի­նի եւ Քարլ Ճես­փըր­զի մօ­տե­ցում­նե­րուն լոյ­սին տակ։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­րոյ­թին շրջագ­ծէն ներս Տեւ­րիմ Սե­զէր խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ ը­րաւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հաս­կա­ցու­թեան շուրջ։

Ա­տե­նա­խօ­սը այս բո­լո­րը ման­րա­մաս­նեց այն հան­գա­ման­քին բե­րու­մով, թէ Թուր­քիոյ մէջ պաշ­տօ­նա­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնո­րո­շու­մը չի տրուիր 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն հա­մար։ Այս տե­սա­կէ­տին հիմ­նա­ւո­րու­մը յա­ճախ կը կա­տա­րուի այն մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նով, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը Հո­լո­քոս­տին բնո­րոշ ո­րա­կում մըն է։ Կը նշուի նաեւ, թէ 1915-ին ապ­րուած­նե­րը կրնան հասկ­նա­լի դառ­նալ՝ պա­տե­րազ­մի պայ­ման­նե­րուն եւ անվ­տան­գու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն բե­րու­մով, մինչ­դեռ, Հո­լո­քոս­տը պա­տա­հած է միայն ցե­ղա­պաշտ պատ­ճառ­նե­րով, հե­տե­ւա­բար մէ­կուն պա­րա­գա­յին կա­րե­լի չէ տալ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­րա­կու­մը, իսկ միւ­սին պա­րա­գա­յին՝ կա­րե­լի։ Ընդ­հան­րա­ցած պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րէն մին նաեւ այն է, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը 1948 թուա­կիր ՄԱԿ-ի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նով բա­ցատ­րուած մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եզ­րոյթ մըն է, ինչ որ կ՚ամ­րապնդէ այն մօ­տե­ցու­մը, թէ ան­կա­րե­լի է 1915-ի պա­րա­գա­յին ի զօ­րու նկա­տել զայն։ Տեւ­րիմ Սե­զէր բա­ցատ­րեց, թէ ե­թէ 1915-ը այս­պի­սի պա­տու­հա­նէ մը դի­տար­կուի, ա­պա ի յայտ չեն գար բա­ւա­րար հան­գա­մանք­ներ, ո­րոնք Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կը բե­րեն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ ու մա­նա­ւանդ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը ստեղ­ծեն խոր­քա­յին ա­ռե­րես­ման կամ հա­շուե­յար­դա­րի մը հա­մար։

Ուս­տի, Տեւ­րիմ Սե­զէր վե­րո­յի­շեալ մօ­տե­ցում­նե­րուն եւ ա­նոնց­մով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տին շուրջ բազ­մա­կող­մա­նի հար­ցաքն­նու­թիւն մը ը­րաւ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին։ Ան այդ հար­ցաքն­նու­թիւ­նը ը­նե­լու ժա­մա­նակ մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­րոյ­թի հե­ղի­նակ Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քի­նի հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներն ու ա­նոր կող­մէ քա­ղա­քա­կան ըն­կա­լում­նե­րուն բե­րուած նպաս­տը։ Ան փոր­ձեց նաեւ պա­տաս­խան գտնել այլ հար­ցու­մի մը, թէ նման ան­ցեա­լի մը շուրջ վերջ­նա­կան վճիռ մը ու­նե­նա­լէ խու­սա­փի­լը եւ ապ­րուած պատ­մա­կան ա­նար­դա­րու­թիւ­նը չճանչ­նա­լը ի՞նչ կը նշա­նա­կէ։ Մի­թէ սա զօ­րակ­ցու­թիւն մը չէ՞ այդ ա­րար­քը գոր­ծող­նե­րուն հետ։ Տեւ­րիմ Սե­զէր խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ ը­րաւ նաեւ հա­ւա­քա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան այս հար­ցադ­րում­նե­րը մեկ­նա­բա­նեց Քարլ Ճես­փըր­զի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ՝ Գեր­մա­նիոյ մէջ ապ­րուած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն զու­գոր­դու­թեամբ։

Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նե­ցին բա­նա­խօ­սու­թեան շար­քի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն Կիւ­վէն Կիւր­քան Էօզ­թան եւ Էօ­մէր Թու­րան։ Ա­նոնք ը­սին, թէ մին­չեւ հի­մա հիւ­րըն­կա­լած էին պատ­մա­բան­ներ, սա­կայն այժմ բա­նա­խօ­սե­լու հրա­ւի­րած են քա­ղա­քա­գի­տու­թեան ո­լոր­տէ մաս­նա­գէտ մը։

Տեւ­րիմ Սե­զէր մանրամասնութիւններ տուաւ օրուան նիւթին շուրջ։ Ան հա­մե­մա­տեց Հրէա­կան Ող­ջա­կի­զումն ու Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ նշե­լով, որ հրեա­նե­րու պա­րա­գա­յին ընդ­հա­նուր մաք­րա­գոր­ծում մըն էր կա­տա­րուա­ծը, կա­յին ցե­ղա­պաշտ յան­ցա­գործ­ներ, սա­կայն Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­րա­գա­յին ալ կը նշուի, թէ բա­ցի ա­սոնց­մէ կար նաեւ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճակ մը՝ կար­ծես ար­դա­րաց­նել, մեղ­մաց­նել ու­զե­լով կա­տա­րուած ա­ղէ­տը։ Ան ը­սաւ, թէ ցարդ թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նուած չեն Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քի­նի եւ Քարլ Ճեաս­փըր­զի գոր­ծե­րը, ո­րոնք կը լու­սա­բա­նեն հար­ցը։ Ըստ բա­նա­խօ­սին, ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը միայն ի­րա­ւա­գի­տա­կան նիւթ մը չէ։ 80-ա­կան­նե­րէն ի վեր մա­նա­ւանդ նիւ­թը կը քննուի նաեւ հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան տե­սան­կիւ­նէն։ Լեմ­քին լեհ հրեայ մըն էր, որ նա­ցիա­կան գրաւ­ման օ­րէնք­նե­րը դա­սա­կար­գած է։ Լեմ­քին իր գոր­ծե­րուն մէջ նե­րա­ռած է նաեւ 1915-ի դէպ­քե­րը, ո­րոնք նկա­տի ա­ռած էր որ­պէս հիմ­նա­ւո­րում՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան սահ­ման­ման ճա­նա­պար­հին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան 1921-ին, Սո­ղո­մոն Թեհլ­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան ժա­մա­նակ ու­սա­նող էր Պեր­լի­նի մէջ։ Այդ շրջա­նին մտա­ծած է ա­ռա­ջին ան­գամ, որ մարդ­կու­թեան դէմ ի­րա­գոր­ծուած նման յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է օ­րէն­քի մը ստեղ­ծու­մը։ 1933-ին, Մատ­րի­տի մէջ, բա­նա­խօ­սու­թեան մը ժա­մա­նակ, Լեմ­քին եր­կու նոր յան­ցա­գոր­ծու­թեան բնո­րոշ­ման ա­ռա­ջարկ կը կա­տա­րէ՝ բար­բա­րո­սա­կան յան­ցանք­ներ, վան­տա­լիզմ, մարդ­կա­յին ոչն­չա­ցում, ինչ­պէս նաեւ մշա­կոյ­թի ոչն­չա­ցում, մարդ­կա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ոչն­չա­ցում։ Խնդրոյ ա­ռար­կայ է շա­րու­նա­կա­կան բնոյթ ու­նե­ցող յան­ցանք մը, երբ յան­ցա­գոր­ծը կը ստի­պէ ըն­դու­նիլ նաեւ իր մշա­կոյ­թը։ Բա­նա­խօ­սը յայտ­նեց, թէ Ժան Փոլ Սարթր ալ գրած է Ալ­ժե­րիոյ մէջ պա­տա­հած ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ։

Բա­նա­խօ­սը խօ­սե­ցաւ նաեւ Լեմ­քի­նը քննա­դա­տած մաս­նա­գէտ­նե­րու մա­սին, ծան­րա­նա­լով նաեւ Ճեաս­փըր­զի տե­սու­թիւն­նե­րուն վրայ, ո­րոնց հա­մա­ձայն ան­տար­բե­րու­թիւնն ալ կը նշա­նա­կէ յան­ցա­կից դառ­նալ։

Բա­նա­խօ­սը ը­սաւ, թէ պատ­մու­թիւն­նե­րը թարմ պա­հե­լով, օ­րա­կար­գի վրայ պա­հե­լով հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պէտք է մղուի ա­ռե­րե­սուե­լու իր ան­ցեա­լին հետ։

Խիստ շա­հե­կան այս հա­ւա­քոյ­թի ա­ւար­տին բա­նա­խօ­սը պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րու­ն։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2015