ԱՍՏԱՆԱՅԷՆ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔ

Մինչ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ժամադրուած են Աստանայի մէջ՝ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւն ալ յայտարարեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասէ ներս ամուր եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան շուտափոյթ հաստատման։

«Ես կ՚ողջունեմ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համաձայնութիւնը, Ղազախիստանի առաջարկով, երկու պետութիւններու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման շուրջ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ բանակցութիւններ վարելու վերաբերեալ», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Թոքաեւ յոյս յայտնեց, թէ նախարարներու յառաջիկայ հանդիպումը կը ծառայէ Երեւան-Պաքու պայմանաւորուածութիւններու գործնական իրականացման ու կը նպաստէ Հարաւային Կովկասէ ներս ամուր եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան շուտափոյթ հաստատման։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճան, Ղազախիստան եւ Էօզպեքիստան համաձայնեցան իրենց ուժանիւթի համակարգերը միաւորելու ուղղութեամբ։ Երէկ, այս երեք երկիրներու ուժանիւթի նախարարները համապատասխան փաստաթուղթ մը ստորագրեցին Թաշքենթի մէջ։ Այս նոր համաձայնութեան իրականացումը թոյլ պիտի տայ, որպէսզի երեք երկիրները համագործակցին կանաչ ուժանիւթի արտադրութեան ուղղութեամբ։ Անոնց կողմէ արտադրուած ուժանիւթը Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Եւրոպա արտահանուելու հեռանկարն ալ ունի։ Այդ արտահանման կազմակերպման, ուժանիւթի համակարգերու համարկման ապահովման եւ վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործման ուղղութեամբ յառաջիկայ շրջանին թափ պիտի ստանան Ատրպէյճանի, Ղազախիստանի եւ Էօզպեքիստանի նախաձեռնութիւնները։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024