ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԷՆ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ»

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան այս շրջանին հայկական հանրային կարծիքի դատին յանձնած է իր նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս»։ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ աւելի առաջ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքը հրատարակած էր, ներկայիս արդէն նոր անակնկալ մը մատուցած է ընթերցասէրներուն։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Սուրբգրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է։ Այս վերջին հատորը հրատարակուած է «Համազգային»ի կողմէ։ Գիրքի մեկենասն է Աւստրալիայէն՝ Յարութիւն եւ Մարօ Ճէպէճեան ամոլը։ Հեղինակը գործը ձօնած է առաջնեկ թոռնիկին։ Կողքի գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է՝ Քրիստ Իսքէնտէրեանի «Միութիւն» գործի հիման վրայ։

Հրայր Ճէպէճեան այս՝ իր երրորդ գիրքին մէջ նիւթեր կը մատուցանէ փորձառութիւններու ընդմէջէն։

Հարկ է նշել, որ սփիւռքահայ լսարանին համար ծանօթ ու հարազատ դէմք մըն է Ճէպէճեան, որ իր առաքելութեան բերումով յաճախ կը ճամբորդէ։ Ան իր իւրաքանչիւր ուղեւորութիւնը կը ծառայեցնէ նաեւ հայաշխարհի զանազան «փոքր ածուները» կամրջելու նպատակը։ Իւրաքանչիւր քայլափոխի իր տպաւորութիւններն ու համապատասխան խորհրդածութիւնները հայ մամլոյ միջոցաւ կը բաժնէ բոլորին հետ՝ մանաւանդ զանոնք սեփականութիւնը կը դարձնէ աշխարհի զանազան անկիւններու հայերուն, որոնք իրարու նկատմամբ հետաքրքրութիւն կը տածեն։ Հրայր Ճէպէճեան կը յաջողի այդ հետաքրքրութիւնը այնպէս մը յագեցնել, որ նաեւ իրարու նկատմամբ զգայնութիւն եւ զօրակցութեան տրամադրութիւններ կ՚արծարծէ։

Մարդկային պատկերները, առօրեայ դրուագները շատ լաւ համադրելու եւ անոնցմէ պատգամներ դուրս բերելով՝ հայկական ինքնութեան պահպանման ճանապարհին անհրաժեշտ արդի պայքարը խրախուսելու տեսակէտէ Հրայր Ճէպէճեան վարպետութիւն կը ցուցաբերէ՝ որպէս հեղինակ։

Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ այս նոր գիրքին մէջ մատուցուած խճանկարները կարեւոր բանալիներ կը մատուցեն՝ համահայկական հարթութեան վրայ այժմու յարաբերութիւնները պատկերացնելու եւ զանոնք ապագայի ճանապարհին ցոլացնելու տեսակէտէ։

Նոր գիրքի հրատարակութեան առթիւ կը շնորհաւորենք Հրայր Ճէպէճեանը, որ ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024