ՋԱՆՔԵՐ ԵՒ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ դարձեալ այցելեց Թել Աւիւ, ուր օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Եիցաք Հերցոքի, վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ։ Անցեալ հոկտեմբերի 7-էն՝ այսինքն Կազզէի պատերազմի սկիզբէն ի վեր Պլինքըն արդէն եօթներորդ անգամ այցելեց Իսրայէլ։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի մէջ հերթական անգամ մեղադրանքներ հասցէագրած է «Համաս»ին։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Պլինքըն եւ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը քննարկած են Կազզէի պատանդներու ազատ արձակման եւ հրադադարի հաստատման վերաբերեալ հարցեր։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը համոզուած է, որ այս ուղղութեամբ որեւէ յապաղում կամ չքմեղանք արդարանալի պիտի չհամարուին։
Էնթընի Պլինքըն Թել Աւիւի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ՝ պատանդներու մերձաւորներուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի հաւաքին։
Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-ի մէջ, բազմաթիւ համալսարաններէ ներս Պաղեստինի հարցին բերումով բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան եւ անոնց թափը հետզհետէ կը սաստկանայ։ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասն ալ վերջին օրերուն յայտնած էր, որ ԱՄՆ աշխարհի միակ երկիրն է, որ կրնայ սանձել Իսրայէլը։
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ վերջին օրերուն քանի մը առիթներով անդրադարձած էր՝ Ռեֆահի վրայ Իսրայէլի ենթադրեալ յարձակումը կանխելու անհրաժեշտութեան եւ այս ուղղութեամբ միջազգային ջանքերը խտացնելու հրամայականին։