ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՎ ԱՀԱԶԱՆԳ
Երեւանի կեդրոնին կը շարունակուին Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ ձեռնարկուած «Դիմադրութիւն» բողոքի շարժման դրսեւորումները։ Երէկ, նկատի ունենալով, որ Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն էր՝ ընդդիմադիր ցուցարարները փողոց դուրս եկած էին իրենց զաւակներով։ Ցուցարարներու գերակշիռ մասը կը բաղկանար իգական սեռի ներկայացուցիչներէ, որոնց հետ էին մեծ թիւով անչափահասներ։ Ընդդիմադիր ցուցարարները այսպէսով հերթական անգամ արտայայտեցին իրենց անհանգստութիւնը՝ իշխանութեան կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան կապակցութեամբ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտախորհրդարանական ուժերու շրջանակներէն ներս ալ խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ ձեռնարկուած «Դիմադրութիւն»ը արդէն աջակցութիւն կը գտնէ աստիճանաբար։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, արտախորհրդարանական աւելի քան քսան քաղաքական ուժեր զօրակցութիւն յայտնեցին խորհրդարանական ընդդիմութեան յայտարարութեան։ Հարկ է նշել, որ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան դէմ կատարուած յայտարարութիւն մըն էր այդ մէկը։ Արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը զօրակցութիւն յայտնած է այդ յայտարարութեան մէջ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ապագային վերաբերեալ խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ որդեգրուած բանաձեւումներուն նկատմամբ։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Եթէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլայ, ապա յաջորդ քայլափոխին Հայաստանը Թուրքիոյ կազմին մէջ կ՚ըլլայ»։