ԱՅՍՕՐ՝ ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ եռակողմանի այս աշխատանքային խումբին հանդիպումը այսօր տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ։
Անցեալ շաբաթ Նիկոլ Փաշինեան Քրեմլինի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպում մը ունեցած էր՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ։ Այդ գագաթաժողովէն վերջ յայտարարուած էր, որ փոխ-վարչապետներու եռակողմանի աշխատանքային խումբը Մոսկուայի մէջ կը քննարկէ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբացման վերաբերեալ հարցերը։
Ուրեմն, Արեւմուտքի միջնորդութեամբ գործադրուած ջանքերուն զուգահեռ՝ ժամացոյցը կը բանի նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններով։