ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ ու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեան երէկ Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Լոյանտ Ուոքըրի հետ։ Հարկ է նշել, որ Ասըրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Լոնտոնի մէջ մասնակցեցաւ համաժողովի մը, որ ցամաքային պատերազմավարման հարցերու նուիրուած էր։ Այդ տարեկան համաժողովը կազմակերպուած է Անգլիոյ արքունի միաւորուած զինեալ ուժերու տեսակներու կաճառին (RUSI) հովանաւորութեան ներքեւ։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ուսումնասիրել պատերազմավարման ցամաքային տիրոյթէն ներս առկայ սպառնալիքները, անոնց դիմագրաւման հաւանական միջոցները, ինչպէս նաեւ իրազեկ ըլլալ այդ ուղղութեամբ գործընկերային լուծումներու եւ արդիւնաբերական ու ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներուն։

Ասըրեան-Ուոքըր հանդիպումը տեղի ունեցաւ սոյն համաժողովի շրջանակներէն ներս։ Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Անգլիա պաշտպանութեան ոլորտի ներկայ համագործակցութեան շրջանակը եւ այդ մէկուն ապագայ զարգացման ու ընդլայնման հնարաւորութիւնները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2024