ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան 24-րդ տա­րե­դար­ձը այս օ­րե­րուն կը նշուի մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեանն ալ այս առ­թիւ կ՚այ­ցե­լէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ, Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի հետ։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ստե­փա­նա­կեր­տի Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­դար­ձին ձօ­նուած հան­դի­սա­ւոր հա­մերգ մը։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին ա­ռըն­թեր, ներ­կայ էր նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան, եր­կուքն ալ ի­րենց կո­ղա­կից­նե­րուն հետ, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Պար­գեւ Արք. Մար­տի­րո­սեան։

Վեր­տիի «Ռե­քուիէմ»ը այս առ­թիւ հնչեց ի յի­շա­տակ այն նա­հա­տակ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը նուի­րա­բե­րած են Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հա­մար։

Տա­րե­դար­ձին առ­թիւ Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան նաեւ այլ զա­նա­զան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­ր։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015