Էյ­մի Շու­մըր

Այ­րե­րու տի­րա­կան ներ­կա­յու­թեամբ յատ­կան­շուող կա­տա­կեր­գու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սկսած է «գլուխ ցցել» գրող, դե­րա­սա­նու­հի, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Էյ­մի Շու­մըր, որ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս այ­րե­րու այլ մարզ մը նկատուող զէն­քի տա­րած­ման դէմ պայ­քա­րին մէջ եւս «քի­թը մխրճած է»: Ե­թէ հա­ւա­քա­կան քան­դու­մի զէն­քե­րու տա­րա­ծու­մը այ­սօր մարդ­կու­թեան հրա­տապ հար­ցե­րէն մին է, նուազ կեն­սա­կան չէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու բնակ­չու­թեան հա­մար ան­հա­տա­կան զէն­քե­րու ա­ւե­լի խիստ հսկո­ղու­թեան հար­ցը: Բրի­տա­նա­կան «Պի.Պի.Սի.»ն անդ­րա­դար­ձած է դե­րա­սա­նու­հիին գոր­ծու­նէու­թեան՝ քիչ տեղ յատ­կաց­նե­լով զէն­քի հսկո­ղու­թեան առըն­չու­թեամբ ա­նոր մղած պայ­քա­րին, ա­տի­կա նմանց­նե­լով Դա­ւի­թի եւ Գո­ղիա­թի մե­նա­մար­տին, իսկ մենք ան­շուշտ պի­տի նմանց­նէինք Դա­ւի­թի  եւ Մսրայ Մե­լի­քի ճա­կա­տու­մին…

Էյ­մի Շու­մըր ինք­զինք ո՞վ կը կար­ծէ:

Քիմ Քար­տա­շեա­նի եւ Քա­նիէ Ո­ւես­թի ոտ­քե­րուն տակ «սու­զուե­լէն», «Էմ. Թի. Վի.»ի շար­ժա­պատ­կե­րի մրցա­նակ­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լէն մին­չեւ «Ճի. Քիւ.» ամ­սա­թեր­թին կող­քին վրայ իբ­րեւ իշ­խա­նու­հի Լէա յայտ­նուի­լը  եւ զէն­քի ա­ւե­լի խիստ հսկո­ղու­թեան օ­րէնք­ներ պա­հան­ջե­լը՝ Էյ­մի Շու­մըր բա­ցար­ձա­կա­պէս ա­մէն տեղ է:

Ա­մե­րի­կեան կա­տա­կեր­գու­թեան ա­մենէն վառվ­ռուն ա­նու­նը՝ Շու­մըր նոր սկսաւ Բրի­տա­նիոյ մէջ հռչակ վա­յե­լել՝ շնոր­հիւ իր հե­ղի­նա­կած նոր շար­ժա­պատ­կե­րին՝ «Թրէյ­նուը­րեք»ին, որ բե­մադ­րած է Ճատ Ա­պա­տով: Ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով Ա­պա­տով կը բե­մադ­րէ շար­ժա­պատ­կեր մը, որ ինք չէ գրած:

«Ճատ Ա­պա­տով, քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ լսե­լէ ետք իմ հա­ղոր­դումս, հե­ռա­ձայ­նեց ին­ծի եւ ը­սաւ, որ ես կրնամ շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու բե­մագ­րու­թիւն­ներ գրել: Ես հա­ւա­նա­բար բնաւ ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը պի­տի չու­նե­նա­յի շար­ժա­պատ­կե­րի բե­մագ­րու­թիւն մը գրե­լու, ե­թէ ան զիս քա­ջա­լե­րած չըլ­լար», կ՚ը­սէ Էյ­մի եւ կ՚ա­ւելց­նէ, թէ չկայ ա­ւե­լի մեծ գո­վա­սանք, քան այն, որ մէ­կը քե­զի ը­սէ. «Ես իմ համ­բա­ւովս եւ դրա­մովս քե­զի նե­ցուկ պի­տի կանգ­նիմ»:

Ա­պա­տով իր կար­գին միայն դրուա­տի­քով կ՚ար­տա­յայ­տուի  իր աստ­ղին եւ գոր­ծա­կցին հաս­ցէին. «Ես Էյ­մին լսե­ցի ձայ­նաս­փիւ­ռի հա­ղորդ­ման մը ըն­թաց­քին, երբ կը խօ­սէր իր հի­ւանդ հօր մա­սին եւ կը պատ­մէր հայ­րը խնա­մե­լու մութ պատ­մու­թիւն­ներ, ո­րոնք սա­կայն  նաեւ իս­կա­պէս  ծի­ծա­ղա­շարժ, ջերմ էին եւ կը դրսե­ւո­րէին Էյ­միի ան­սահ­ման սէ­րը հօ­րը հան­դէպ: Մտա­ծե­ցի, որ ան ու­նի կողմ մը, որ շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու մէջ նա­խա­պէս բնաւ չէ ներ­կա­յա­ցուած, եւ ի­րեն հար­ցու­ցի, թէ ար­դեօք կ՚ու­զէ՞ շար­ժա­պատ­կե­րի մը բե­մագ­րու­թիւ­նը գրել»:

«Թրէյ­նուը­րէք»ը գրե­լէ ա­ռաջ Շու­մըր թէեւ նո­րեկ մըն էր  բե­մագ­րու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ, բայց իր ծննդա­վայր Նիւ Եոր­քի զբօ­սա­վայ­րե­րուն մէջ կա­տա­կեր­գա­կան մե­նա­կա­տա­րում­նե­րով ե­լոյթ կ՚ու­նե­նար 2004-էն ի վեր:

Էյմի ա­ւար­տած է «Ո­ւի­լիըմ Ես­փեր սթիւ­տիօ»ն, դե­րա­սա­նա­կան դպրոց մը, ուր ու­սա­նած է ե­րեք տա­րի:

Էյ­մի Շու­մըր պատ­կե­րաս­փիւ­ռա­յին կա­տա­կեր­գու­թեամբ ա­ռա­ջին ան­գամ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ  2007-ին, երբ եր­րորդ դա­սուե­ցաւ «Էն.Պի.Սի.»ի «Լասթ քո­միք սթան­տինկ»ի  մէջ, եւ ա­ւե­լի ուշ երկ­րոր­դա­կան դեր ստանձ­նեց մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լած «30 ռոք» կա­տա­կեր­գա­կան հա­ղոր­դա­շա­րի մէկ դրուա­գին մէջ:

«Տա­րի­ներ տե­ւած կողմ­նա­կի աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ պա­տուաս­տուե­լով՝ յան­կար­ծա­կի աստ­ղի վե­րա­ծուի­լը ա­րա­գօ­րէն զիս զար­գա­ցուց: Գի­տեմ, թէ այս­պի­սի բա­ներ ինչ­պէ՛ս կը պա­տա­հին, եւ ես վստա­հա­բար ու­րախ եմ, որ նա­խա­պէս այս չա­փով յայտ­նու­թիւն չե­ղայ, չբա­ցա­յայ­տուե­ցայ: Կը կար­ծեմ, թէ ոչ ոք իս­կա­պէս պատ­րաստ է այս չա­փով յայտ­նու­թեան», ը­սաւ Էյ­մի եւ ա­ւել­ցուց.

«Ես վեր­ջերս նուա­ճե­ցի քննա­դատ­նե­րու մրցա­նա­կը, ո­րուն յանձ­ման հան­դի­սու­թեան չկրցայ ներ­կայ գտնուիլ: Ու­րեմն իմ գրչա­կից­նե­րէս մէ­կը գնաց եւ ը­սաւ. «Էյ­մի չի կրնար հոս ներ­կայ ըլ­լալ, ան բու­ժու­մի կ՛են­թար­կուի յա­ւե­լեալ յայտ­նու­թեան պատ­ճա­ռով»: Խոր­հե­ցայ, որ այդ խօս­քը իս­կա­պէս ծի­ծա­ղա­շարժ էր»:

«Բայց ա­տի­կա բնաւ իմ ե­րազս չէր, ես բնաւ չէի փոր­ձեր հոս հաս­նիլ: Ա­սի­կա շատ ա­ւե­լի հե­ռու է, քան կ՛ե­րա­զէի ինք­զին­քիս հա­մար, եւ ճնշող է», ը­սաւ ան:

2013-ին «Քո­մե­տի սենթ­րըլ»-ը ներ­կա­յա­ցուց ա­ռա­ջին ե­լոյ­թը՝ «Ին­սայտ Էյ­մի Շու­մըր», խառ­նուրդ մը՝ սքեչ­նե­րու, կա­տա­կեր­գա­կան մե­նա­կա­տա­րու­մի եւ փո­ղո­ցի մէջ կա­յա­ցած հար­ցազ­րոյց­նե­րու:

Սե­ռա­յին հար­ցե­րու մա­սին նկա­տո­ղու­թիւն­նե­րով եւ ծի­ծա­ղա­շարժ ման­րա­պա­տում­նե­րով, աշ­խա­տան­քի, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ սե­ռա­յին ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րով հա­ղոր­դա­շա­րը եւ ա­տոր յա­ջոր­դած եր­կու հա­ղոր­դա­շար Շու­մը­րը ա­ւե­լի հան­րա­ծա­նօթ դար­ձու­ցին:

Էյ­մի թէեւ ու­նի իր հա­մա­կիր­նե­րը, սա­կայն ցե­ղա­յին կարծ­րա­տի­պե­րու եւ ցե­ղա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րող ա­նոր զուար­ճա­պա­տում­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ ո­մանք ը­սեն, թէ ան խո­ցե­լի է ցե­ղա­յին հար­ցե­րու մէջ եւ չի հասկ­նար ա­տոնք:

Էյ­մի պա­տաս­խա­նեց քննա­դա­տու­թեան՝ իր «թուի­թըր»-ին մէջ գրե­լով. «Ես հա­ճոյք կ՛առ­նեմ խա­ղա­լով իբ­րեւ աղ­ջիկ մը, որ մերթ ընդ մերթ ա­մէ­նէն ան­բան խօս­քը կ՛ը­սէ, մինչ ցե­ղա­յին հար­ցե­րու հետ խա­ղա­լը բան մըն է, որ մենք պէտք չէ ը­նենք, եւ ճիշդ ա­սի­կա է, որ շատ ծի­ծա­ղե­լի կը դարձ­նէ կա­տա­կեր­գակ­նե­րուն հա­մար»:

Շու­մըր կը պնդէ, թէ ինք բե­մին վրայ միշտ ինք­նա­բուխ ար­տա­յայ­տուած է, եւ հան­դի­սա­տես­նե­րը, մա­նա­ւանդ ե­թէ ա­նոնց մեծ մա­սը կա­տա­կեր­գակ­ներ են, խնդաց­նե­լու հա­մար միշտ օգ­տա­գոր­ծած է ա­նակն­կա­լի գոր­ծօ­նը:

Բո­լո­րո­վին վեր­ջերս Շու­մըր իր գլու­խը բարձ­րա­ցուց պատ­նէ­շէն ա­ւե­լի վեր՝ ար­ծար­ծե­լու հա­մար Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ զէն­քի հսկո­ղու­թեան հրա­տապ հար­ցը: Ա­տի­կա տե­ղի ու­նե­ցաւ, երբ եր­կու կի­ներ սպան­նուե­ցան Լուի­զիա­նա­յի մէջ իր շար­ժա­պատ­կե­րի ցու­ցադ­րու­թեան օ­րե­րուն: Զի­նեա­լը հո­գե­կան խան­գա­րում ու­նե­ցող անձ մըն էր:

Կա­տա­կեր­գա­կը խնդուքն ու ծի­ծա­ղը մէկ կողմ դրաւ, իր հօր զար­մի­կին՝ ծե­րա­կու­տա­կան Չաք Շու­մը­րի հետ ար­շա­ւի նա­խա­ձեռ­նե­լու՝ զէն­քի ա­ւե­լի խիստ հսկո­ղու­թեան օ­րէն­քի մշակ­ման եւ գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար: Ան նաեւ քննա­դա­տեց մտա­յին-հո­գե­կան ա­ռող­ջու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մար յատ­կա­ցում­նե­րը կրճա­տե­լու ա­ռա­ջարկ­նե­րը:

Զէն­քի խնդի­րով Էյ­մի Շու­մըր յատ­կա­պէս կը հա­կադ­րուի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զէն­քի հզօր լո­պիին, եւ այդ հա­կադ­րու­թիւ­նը կը վե­րա­ծուի Դա­ւի­թի եւ Գո­ղիա­թի ճա­կա­տու­մին նման բա­նի մը:

«Ես կը հասկ­նամ հար­ցին ծան­րու­թիւ­նը: Այս բնա­բա­նին մէջ ինք­նա­զար­գա­ցու­մի շատ տեղ ու­նիմ տա­կա­ւին: Կը կար­ծեմ, որ հիմ­նա­կան հար­ցը դրամն է, ֆի­նան­սա­ւո­րու­մը: Ա­նոնք կը փոր­ձեն հո­գե­կան ա­ռող­ջու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն դրա­մը խլել: Ա­սի­կա սար­սա­փե­լի է: Յոյս ու­նիմ, որ չեն յա­ջո­ղիր», ը­սաւ Էյ­մի:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԵ­ՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2015