ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՅՈՅՍ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հրաւէրին ընդառաջ տեղի ունեցաւ այս պաշտօնական այցելութիւնը, որու ընթացքին ռուս նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, որու կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ յառաջընթացի յոյս յայտնեց ռուս նախարարը։
Մոսկուա-Պաքու ծաւալուն համագործակցութեան ընթացքը աչքէ անցընելու առընթեր, Իլհամ Ալիեւ եւ Սէրկէյ Լաւրով կանգ առին ղարաբաղեան հարցին վրայ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լաւրով գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ալիեւի հետ տեսակցութիւնը հնարաւորութիւն ընձեռած է շօշափելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Ըստ իրեն, Իլհամ Ալիեւի, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարութեանց առաջնորդութեամբ ջանքեր կը գործադրուին՝ այս հարցին շուրջ հասարակաց յայտարարի մը հասնելու համար։
Պաքուի մէջ Ալիեւ եւ Լաւրով կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ տարածքաշրջանի իրավիճակին շուրջ։