ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԵՍ ՉԵՄ ՓԱՓԱՔԻՐ ՅԱՏԿԱՊԷՍ ՀԻՄԱ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ ՆԱԽՈՐԴ ՇՐՋԱՆԻ ՑԱՒՈՏ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ՝ ԹԷԵՒ ՇԱՏ ԴԱՆԴԱՂ, ԲԱՅՑ, ԱՅՆՈՒԱՄԵՆԱՅՆԻՒ, ՈՐՈՇ ԴՐԱԿԱՆ ԹԱՓ ՄԸ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ ԲՈԼՈՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին հերթական անգամ դրական պատգամներ տուաւ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ասուլիսի ընթացքին իրեն յիշեցուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, ըստ որու Թուրքիա մասնակցած էր 44-օրեայ պատերազմին։ Ի պատասխան ան ըսաւ.
«44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, բազմաթիւ տեղերու մէջ, մեր զինուորականները եւ հետախուզութիւնը տեսած են թրքական դրօշակներ, թուրք զինուորներ, Թուրքիոյ յատուկ ջոկատայիններ, բարձրաստիճան սպաներ։ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լայնածաւալ զօրավարժութիւնները եւ պատերազմի ողջ ընթացքին Թուրքիոյ «F16» ռազմաօդանաւերն ու անօդաչուները եղած են օդին, սպասարկուած են թրքական անձնակազմի կողմէ»։
Աւելի վերջ Փաշինեան նշեց, որ չի փափաքիր անդրադառնալ նախորդ շրջանի ցաւոտ իրադարձութիւններուն։ Բայց, շրջանցման կամ անարձագանգ թողելու տպաւորութիւնը կանխելու համար ան նշեց. «Կ՚ըսեմ բան մը, որ նախապէս ալ ըսած ենք պաշտօնապէս»։ Բաց աստի, վարչապետը աւելցուց. «Յատկապէս հիմա չեմ փափաքիր այդ մասին խօսիլ, որովհետեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ թէեւ շատ դանդաղ, բայց, այնուամենայնիւ որոշ դրական թափ մը կը նկատուի իր բոլոր խնդիրներով»:
Ասուլիսի ընթացքին Փաշինեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու եւ Երեւան-Մոսկուա ուղղութիւններու վիճակին։ Ան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին առաջարկած է երկկողմանի հանդիպում մը ունենալ՝ դիտարկելով նաեւ սահմանին մէկտեղուելու տարբերակը։ Ան արժեւորեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայոց վերադարձին վերաբերեալ օրակարգի վրայ բերուած ձեւակերպումները։ Վարչապետը համոզուած է, որ անոնք անիրատես են ու խոտոր կը համեմատին Հայաստանի պետական շահերուն։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, կոչ ուղղեց, որպէսզի Արցախէն բռնի տեղահանուածները Հայաստանէն չարտագաղթեն ու դիմեն քաղաքացիութիւն ստանալու համար։
Փաշինեան յայտնեց, որ Պաքուի մէջ նոյեմբերին նախատեսուած COP29 գագաթաժողովի մասնակցութեան պարագային որոշում պիտի տրուի՝ մթնոլորտի եւ իրադրութեան արժեւորումով։ «Հայաստան Ատրպէյճանին առաջարկած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի՝ արդէն իսկ համաձայնեցուած յօդուածներով ստորագրել փաստաթուղթը, ապա շարունակել մնացեալ հարցերու քննարկումը», տեղեկացուց ան։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային տարակարծութիւններու ապաշրջափակման խոչընդոտներուն՝ Փաշինեան ըսաւ. «Անոնց մինչեւ այս պահը բացուած չըլլալու պատճառներու շարքին են Ռուսաստանի շարք մը գործընկերներու մեկնաբանութիւնները, որոնք փաստաթուղթի տրամաբանութեան հետ կապ չունին ու կը հակասեն այդ մէկուն»։
Վարչապետի խօսքով՝ Հայաստան բոլոր մակարդակներու վրայ սառեցուցած է ՀԱՊԿ-ի մասնակցութիւնը եւ այս փուլին համար այս որոշումը բաւարար է, չի քննարկուիր այդ կառոյցէն դուրս գալու հաւանականութիւնը։ Օրակարգի վրայ չէ նաեւ Հայաստանի ռուսական ռազմախարիսխի փակուիլը։
Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Փաշինեան ըսաւ. «Ռուսաստանի հետ մեր աշխատանքային ոճը փոխադարձ յարգանքն է։ Անկարելի է վիրաւորանքի կամ հեգնանքի լեզուով խօսիլ այլ երկիրներու՝ մանաւանդ Ռուսաստանի նման երկրի մը մասին։ Կարելի է ունենալ խնդիրներ, անոնց մասին պէտք է խօսիլ»։