ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԴԷՊՔ

Թուրքիան երէկ ցնցուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայէն հասած լուրերով։ Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան շէնքերուն գտնուած՝ մասնաւոր վերահսկողութեան առարկայ գօտիէն ներս ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցաւ։ Թէեւ դէպքը կանխուեցաւ եւ ահաբեկիչները չյաջողեցան զոհեր խլել, սակայն, ամբողջ երկիրը ցաւով ու ցասումով համակուեցաւ։

Տեղական մամուլի մանրամասնութիւններով, երկու ահաբեկիչներ, որոնցմէ մին ՓՔՔ-ական էր, փորձեց ներխուժել այդ գօտին։ Բարեբախտաբար անվտանգութեան ուժերը անմիջապէս անդրադարձան կացութեան եւ միջամտեցին։ Ահաբեկիչներէն մին ինքզինք պայթեցուց, իսկ միւսը չէզոքացուեցաւ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ։ Դէպքին հետեւանքով երկու ոստիկան վիրաւորուեցաւ։ Անոնք անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց եւ ձեռնարկուեցաւ իրենց բուժման։ Բարեբախտաբար, որեւէ վտանգ չի սպառնար իրենց կեանքին։

Մինչ ամբողջ երկիրը այս դէպքէն վերջ հերթական անգամ անիծեց ահաբեկչութիւնը, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ յայտնեց, որ երբեք իրենց նպատակին պիտի չկարողանան հասնիլ այն տականքները, որոնք կը թիրախաւորեն երկրի քաղաքացիներու անդորրութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան ալ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան, հրոսախումբերու դէմ պայքարը պիտի շարունակուի վճռակամութեամբ։

Միւս կողմէ, այս դէպքէն վերջ, Թուրք զինեալ ուժերը ռազմաօդային գործողութիւն մը իրականացուցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023