ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ԱՐԴԱՐ ԼՈՒԾՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ չկայ որեւէ երկիր, հասարակութիւն կամ հաստատութիւն, որ Թուրքիոյ դէմ թշնամական քաղաքականութեան հետեւելով արդիւնքին շահեկան դուրս գայ։

Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս եկաւ 28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի 2-րդ նստաշրջանի բացման առթիւ։ Խորհրդարանի ամպիոնէն ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ըսաւ. «Ղարաբաղէն Լիպիա, Սուրիայէն Սոմալի՝ մեր բոլոր եղբայրները գիտեն, թէ Թուրքիոյ բարեկամութիւնը որքան արժէքաւոր է ու նուրբ։ Մեր երկիրը այս տարածաշրջաններէն ներս կշիռը օգտագործած է արդարութեան, օրինականութեան եւ մարդկային կեանքերու կողմէ եւ կասեցուցած է չարչարանքը։ Վերջին անգամ, 30 տարուան բռնագրաւումէ վերջ, Ատրպէյճանի տարածք Ղարաբաղը ազատութեան տիրացած է, փառք Աստուծոյ, այստեղ ալ արդարութիւնը գոյացած է։ Մենք անկեղծօրէն կը ջանանք մեր բարեկամները աւելցնելու ուղղութեամբ։ Մենք գոհունակութիւն կը զգանք՝ մեր պարզած խաղաղութեան ձեռքը բռնած բոլորին հետ հասարակաց շահերու ճանապարհով ընթանալով։ Երբոր երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան համար տեղ բացուի, ապա մենք անլուծելի խնդիր չենք տեսներ՝ որքան որ ալ բարդ ըլլայ այդ մէկը։ Վերջին շրջանին այս ուղղութեամբ բազմաթիւ քայլեր առնել սկսած ենք։ Մեր երկրին շուրջ խաղաղութեան ու անդորրութեան գօտի մը ձեւաւորելու նպատակով լուրջ ճանապարհ կտրած ենք։ Տարածաշրջանային համարկման ծրագիրներով փորձեցինք մեր համագործակցութիւնը խորացնել»։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2023