ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԷՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան պատուոյ գիրը Շահան Գանտահարեանին յանձնուեցաւ կառոյցի նախագահութեան անդամ Եուրի Սուվարեանի կողմէ, որ ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղարն է։

Շահան Գանտահարեան պարգեւատրուած է Հայաստան-Լիբանան բազմակողմանի յարաբերութիւններուն, հայկական սփիւռքի հետ գիտակրթական կապերու եւ հայ մշակոյթի զարգացման բերած նպաստին համար։

Շահան Գանտահարեան հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի յառաջատար ներկայացուցիչներէն մին է, որ այս կապակցութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելու ժամանակ ընդգծած է, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան կողմէ նման պատուի մը արժանանալը իսկապէս շատ պարտաւորեցնող է։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր արժէքաւոր պաշտօնակից Շահան Գանտահարեանը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021