ԼԵՄՔԻՆԻ ԿԱՃԱՌԸ ԿԱՐՄԻՐ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի դիմագրաւած գոյութենական մարտահրաւէրները արդէն միջազգային վերլուծութիւններու նիւթ կը դառնան։ Մէկ կողմէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրին վերաբերեալ լաւատես լուրեր կը հաղորդուին, իսկ միւս կողմէ միջազգային լուրջ մեկնաբաններ կ՚արժեւորեն Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի նոր լայնածաւալ յարձակումի մը վարկածը՝ այս անգամ, անշուշտ, ուղղակի երկրի ինքնիշխան տարածքներուն վրայ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Լեմքինի ցեղասպանութեան կանխարգիլման կաճառը կարմիր՝ ամենաբարձր նախազգուշացումով հանդէս եկաւ՝ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստան ներխուժման հաւանականութեան համար։ Հարկ է նշել, որ այս կաճառը վերջին բոլոր իրադարձութիւններուն ժամանակ ամենախիստ գնահատականներով հանդէս եկաւ՝ իրերը կոչելով իրենց անունով։ Ներկայիս, այդ բոլորին ի շարունակութիւն այս կառոյցը կը հնչեցնէ հերթական ահազանգը։ Կաճառի վերլուծութեան մէջ ընդգծուած է, որ Ատրպէյճան վաղուց կ՚ուզէ տիրանալ Հայաստանի հարաւի Սիւնիքի մարզին։ Հաշուի առնելով տարածաշրջանի վերջին քաղաքական զարգացումները, Լեմքինի կաճառը մեծ ռիսք կը նկատէ, որ Ատրպէյճանի հաւանական ներխուժումը կրնայ ցեղասպանութեան վերածուիլ։ Մեկնաբանութեան մէջ կը մատնանշուի, որ թէեւ Պաքուի պաշտօնատարները վերջերս հեռու մնացած են Զանգեզուրի միջանցքի ծրագրէն, սակայն տակաւին գոյութիւն ունին անհանգստացուցիչ պատճառներ։ Այս շարքին մէջ թուարկուած է, որ Ատրպէյճան հրապարակայնօրէն իր հայեացքը ուղղած է Հայաստանի հարաւի Սիւնիքի մարզը, զոր իր սեփական տարածքը կը նկատէ ու զայն կ՚անուանէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։ Կաճառը մէջբերած է Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար դեսպան Տիգրան Բալայեանի զգուշացումը, ըստ որու եթէ կոշտ քայլերու չձեռնարկուի, ապա Ատրպէյճանի ներխուժումը շաբաթներու հարց է։ Բաց աստի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ ամերիկացի օրէնսդիրներու հետ յայտնի զրոյցը մէջբերուած է։ Յիշեցուած է նաեւ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին «չճշդուած ութ գիւղերու պահանջով» Հայաստանի տարածք ներխուժելու սպառնալիք հնչեցուած էր Ալիեւին կողմէ։ Ի լրումն այս բոլորին, Լեմքինի կաճառը վերյիշած է Ալիեւի յայտարարութիւնը, ըստ որու, եթէ տարածաշրջանէն ներս նոր հակամարտութիւններ ծագին, ապա սա պիտի ըլլայ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի մեղքով։ Կաճառը նշած է, որ Պաքու այս մեղադրանքը հասցէագրած է՝ Մաքրոնի կողմէ Հայաստանի անվտանգութեան ի նպաստ արտայայտուած աջակցութեան համար։ Այս մէջբերումներէն վերջ, Լեմքինի կաճառը ամենասարսափելին համարած է, որ Ատրպէյճան սկսած է կուտակումներ ընել Հայաստանի հետ սահմաններու երկայնքով՝ ներառեալ Նախիջեւանի մէջ, որ սահմանակից է Թուրքիոյ։
Լեմքինի կաճառի այս մտահոգիչ կանխատեսումներուն առընթեր, Պատերազմի եւ աշխարհի կաճառն (IWPR) ալ հրապարակեց վերլուծութիւն մը, ըստ որու վերջին խոշոր աշխարհաքաղաքական տեղաշարժերով արդէն ցնցուած Հարաւային Կովկասը կրնայ աւելի շատ տուժել Իսրայէլ-Պաղեստին առկայ պատերազմի հետեւանքով։ Զինեալ հակամարտութիւնը յատկապէս արդիական է Ատրպէյճանի համար, որու Իսրայէլի հետ ռազմական համագործակցութիւնը առանցքային դեր կը խաղայ։ Վարկածներէն մին ալ այն է, որ եթէ պատերազմը յորդի Իսրայէլի սահմաններէն դուրս, ապա Ատրպէյճան կրնայ ինքնավստահ զգալ ու գործել աւելի համարձակ, որովհետեւ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս աւելի մեծ ռազմական գործողութիւնները կրնան շեղել Միացեալ Նահանգներու եւ իր դաշնակիցներու ուշադրութիւնը։ Ատրպէյճան կրնայ օգտագործել Իրանի հաւանական ներգրաւուածութիւնը՝ որպէս «Համաս»ի հովանաւոր, Հայաստանէն Զանգեզուրի միջանցքի պարագային նոր զիջումներ ապահովելու համար։ Յամենայնդէպս, Ատրպէյճանի տեսակէտէ ալ կան վերապահութեան պատճառներ։ Արդարեւ, երկրի բնակչութեան 99 տոկոսը արդէն մահմետական է ու կ՚ակնկալուի, որ համերաշխ կ՚ըլլայ Պաղեստինի հետ։ Բայց եւ այնպէս, ռէէլ փոլիթիքը այլ բան կը թելադրէ։ Ատրպէյճան պէտք է զգոյշ վարուի Իսրայէլի հետ՝ տասնամեակներու ընթացքին կառուցած ռազմավարական կապերու, փոխադարձ շահերու եւ տարածաշրջանային ընդհանուր մտահոգութիւններու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններուն պատճառով։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վերահաստատեց իր վճռական աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան համար։ Այսպէս, Լեմքինի կաճառի մտահոգութիւններուն արձագանգելով՝ պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում լուրջ հետեւանքներ կ՚ունենայ։ Շեշտուած է, որ Երեւան Ուաշինկթընի մտերիմ գործընկերն ու սերտ բարեկամն է։