ՊԼԻՆՔԸՆ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Էնթընի Պլինքըն այս կիրակի պիտի այցելէ Անգարա։ Ան Իսրայէլ-Պաղեստին ողբերգութեան մթնոլորտին մէջ շաբաթներէ ի վեր իրերայաջորդ կ՚այցելէ զանազան մայրաքաղաքներ։ Առաջին իսկ օրէն տեղեկացուած էր, որ Պլինքըն մտադիր էր նաեւ Թուրքիա այցելել։ Ուրեմն ի վերջոյ կազմակերպուած է այս այցելութիւնը։ Պետական քարտուղարը այս շաբաթավերջին Անգարայի մէջ պիտի հիւրընկալուի արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։ Անոնք հոկտեմբերի 30-ին ալ ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը։ Ներկայիս, ի շարունակութիւն արդէն տեղի կ՚ունենայ Պլինքընի այցելութիւնը, որու ընթացքին ան ամենայն հաւանականութեամբ կ՚ընդունուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ երկար ժամանակէ ի վեր կուտակուած են շարք մը խնդրայարոյց հանգամանքներ։ Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի ենթարկուած յարձակումներն ալ նոր լարուածութեան մը պատճառ դարձած է Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն մէջ։ Մինչ ամերիկեան կողմը անվերապահօրէն կը զօրակցի Իսրայէլին, թրքական կողմը անընդունելի կը համարէ՝ Կազզէի մէջ ժողովուրդին ամբողջութեամբ թիրախաւորումը։