ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ «ԼԷՅՏԻ ՔՈՔՍ» ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ

Անգլիոյ Լորտերու պալատի անդամուհի պարոնուհի Քերըլայն Քոքս ներկայիս վերստին կ՚այցելէ Հայաստան։ Երեւանի մէջ ան կը մասնակցի «Լէյտի Քոքս» վերականգնման կեդրոնի վերաբացման արարողութեան։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեան ընդունեց պարոնուհի Քերըլայն Քոքսը, որուն երախտագիտութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ ցուցաբերած բազմամեայ բարեկամութեան եւ աջակցութեան համար։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2024