ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երէկ սկսաւ Երեւանի միջազգային առաջին լուսանկարչական փառատօնը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ նախաձեռնութիւն մըն է։ Գեղարուեստական նշանակութեան առընթեր, այս ցուցահանդէսը կարեւոր է նաեւ փաստավաւերագրական տեսանկիւնէ, որովհետեւ Հայաստանի արդի պատմութեան վերաբերեալ բազմաթիւ բանալիներ կը մատուցէ։

Փառատօնի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2024