«ՄԱՐԳԱՐԱ»Ն ՊԱՏՐԱՍՏ
Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանի բացման ուղղութեամբ թէեւ գործնական որեւէ նորութիւն չկայ, սակայն, երկու երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան բերումով այս նիւթը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն «Սփութնիք Արմենիա» գործակալութեան տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ սահմանի «Մարգարա» անցակէտը պատրաստ է շահագործման։ «Հայկական կողմը կ՚ակնկալէ թրքական կողմէն եւս դրական ազդակներ ստանալ՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անցագիրի տէր անձերու համար սահմանը բանալու վերաբերեալ», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Հարկ է յիշեցնել, որ այս համաձայնութիւնը գոյացած էր Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ՝ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի բանակցութիւններու արդիւնքով, շուրջ մէկուկէս տարի առաջ։
Նոյն հիման վրայ Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան միջոց մը առաջ տեղեկացուցած էր, որ նոր անցակէտի շինարարութիւնը կը մօտենայ աւարտին։