Երեքշաբթի 29, Ապրիլ 2025
ՄՈՒԱՄՄԷՐ ՔԵՍՔԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԵԿՆԱԾՈՒ
Յառաջիկայ տարուան առաջին եռամսեակին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները այժմէն սկսած են պայմանաւորել Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը։ Վերջին օրերուն Շիշլիի ՃՀՓ-ական քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին վերստին թեկնածու ներկայացաւ իր պաշտօնավարութիւնը շարունակելու համար։ Քաղաքապետ Քեսքին թեկնածութեան դիմումը ներկայացուց ՃՀՓ-ի Շիշլիի մասնաճիւղին։ Այս փուլին մասնակցութիւն բերին Շիշլիի քաղաքապետութեան անդամներ, թաղապետներ, կուսակցականներ, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ սիրող մարզակումբներու ներկայացուցիչներ եւ շրջանի բնակիչներ։
«Շիշլիի մէջ իրաւունքի պայքարի շարունակութիւն» կարգախօսով թեկնածութիւնը առաջարկած Մուամմէր Քեսքին 2019 թուականի ընտրութիւններէն ի վեր կը գտնուի պաշտօնի գլուխ։
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023