ՍՔՈՓԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Սքոփէի մէջ, ԵԱՀԿ-ի նախարարական հաւաքի ծիրէն ներս։
Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգային հարցերուն՝ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Ատրպէյճան խախտած է ԵԱՀԿ-ի Հելսինքեան աքթի հիմնարար սկզբունքները ու կը շարունակէ հարուածի տակ պահել տարածաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման ուղղեալ միջազգային միջնորդներու ջանքերը։ Իր խօսքով՝ այսօրինակ խախտումները տեղի կ՚ունենան անպատժելիութեան մթնոլորտի մէջ, կը խրախուսեն ուժի կամ սպառնալիքի կիրառման գործելակերպը եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է կրկնապատկէ ջանքերը առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար։
Զրոյցի ընթացքին Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան յանձնառու է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ միջազգայնօրէն յայտնի սկզբունքներու հիման վրայ։ Այդուհանդերձ, յառաջընթաց ունենալու համար կարեւոր է տարածաշրջանային բոլոր երկիրներուն կողմէ հաւասարապէս անկեղծ ներգրաւումը խաղաղութեան օրակարգի կեանքի կոչման։ Այս ամբողջին մէջ նախարարը ներկայացուց նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Ան շեշտեց, որ այս ծրագրի առաւելութիւններէն կրնան օգտուիլ ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ՝ աւելի լայն տարածաշրջանի երկիրները։