ՏԻԵԶԵՐՔԻ ՄԷՋ ՔԱՅԼ

Հայաստանի կողմէ տիեզերք արձակուեցաւ առաջին հայրենական արբանեակը, որ կը կոչուի «Հայասաթ-1»։ SpaceX ընկերութեան Falcon-9 հրթիռով տիեզերք արձակուեցաւ արբանեակը եւ հեռարձակման սկիզբը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ։ Արբանեակը արտադրած են հայկական «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու տարրալուծարանն ու Գիտական նորարարութեան ու կրթութեան կեդրոնը (CSIE)։ «Հայասաթ-1» արբանեակը CubeSat ձեւաչափի է եւ ունի 10 սմx10 սմx10 սմ չափեր։ Ան արտադրուած է Հայաստանի մէջ եւ կը հանդիսանայ առաջին հայրենական արբանեակը, որ Երեւանի ժամով 22.20-ին երէկ արձակուեցաւ տիեզերք։ Արբանեակը ամէն մէկուկէս ժամը անգամ մը երկիր մոլորակի շուրջ մէկ պտոյտ պիտի կատարէ եւ հնարաւոր պիտի ըլլայ որսալ անոր ուղարկած ազդանշանները, երբ անցնի Հայաստանի օդային մարզով։

Արբանեակը զինուած է տուիչներով, որոնք կը չափեն լոյսի խտութիւնը եւ զետեղուած են իր տարբեր կողմերուն վրայ։ Արբանեակին համար կողմնացոյցի դեր կը կատարեն մագնիսաչափեր։ Անոր պտոյտները կը մարեն մագնիսադարձիչներ։ Զանազան մոտիւլներու առաւել նուրբ մասերու ջերմաստիճանները կը չափուին տուիչներով։ Կողմնորոշման փոփոխութիւններն ալ կը չափուին անշարժ տուիչներով։

 Արբանեակը ունի երկրորդային օգտակար բեռ, որու չափումներով տուեալներ պիտի ստացուին անոր պտոյտներուն, դիրքի ու շարժման վերաբերեալ։ Ան կազմուած է GPS ընդունիչէ՝ իր անթեններով հանդերձ եւ Հայաստանի մէջ մշակուած ու ստեղծուած փորձնական անշարժ չափիչ սարքէ (IMU)։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023