«ԱՆԻՄԱՍՏ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ…»
Խորհրդային Միութեան փլուզման շրջանին Մոսկուայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանն էր Վոլքան Վուրալ։ Յաջորդող տարիներուն ալ, Պաղ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման ժամանակաշրջանին ան կարեւոր պաշտօններ զբաղեցուցած էր թրքական դիւանագիտութեան մէջ։ Ֆիլմի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին ան նախ շնորհաւորեց ստեղծագործական խումբին աշխատանքը ու նշեց, թէ «Փակ սահմանի երկխօսութիւն»ը առարկայական ու լաւ գործ մըն է։ Վոլքան Վուրալ մարդասիրական ու անկեղծ արտայայտութիւններով սկսաւ իր խօսքին։ Ան դիտել տուաւ, թէ սոյն ֆիլմը նախ կը մատնէ իր տարիքը, նաեւ իր դիւանագիտական գործունէութեան ամենաձախող շրջանը։ Ըստ Վուրալի, անյաջողութիւնները անխուսափելիօրէն տեղ կ՚ունենան դիւանագէտներու կեանքին մէջ եւ իր պարագային հիմնական ձախողումները կը վերաբերին այն ժամանակաշրջանին, որ խոշորացոյցի տակ բերուած է սոյն ֆիլմին շրջագծով։
Ապա Վոլքան Վուրալ վերյիշեց Մոսկուայի իր պաշտօնավարութեան տարիները։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներէն 1990 թուականին ան վերահասու դարձած էր վախճանեալ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի մահուան։ Մարդկայնօրէն ապրած ցաւուն առընթեր, Վոլքան Վուրալ հաշուի առած էր այն հանգամանքը, թէ ենթական Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի մըն էր եւ անոր անշունչ մարմնին Թուրքիա վերադարձի պատասխանատուութիւնը կը վիճակէր իրենց։ Հետեւաբար, Վոլքան Վուրալ շփման մէջ անցած էր Հայ Եկեղեցւոյ եւ Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան եկեղեցականներու նկատառման յանձնած էր նաեւ, որ եթէ Մոսկուայի մէջ արարողութիւն մը ըլլար, սիրով պիտի մասնակցէր։ Վուրալ նշեց, թէ Պատրիարքին դագաղը Հայաստանէն բերուեցաւ Մոսկուա, որ իր ալ փափաքը գոհացնելու համար կատարուեցաւ աղօթք մը, որուն ինք մասնակցեցաւ ընտանիքին հետ։ Աւելի վերջ հոգեւորականաց դասուն հետ մէկտեղուեցան հոգեճաշի մը սեղանին շուրջ, նաեւ միասնաբար ըմպեցին գինի։ Այդ ժամանակուան խօսակցութիւններուն մէջ իրեն հարց տրուած էր, թէ արդեօք այցելա՞ծ էր Հայաստան։ Թէեւ այդ փուլին Վոլքան Վուրալ տակաւին Հայաստան չէր այցելած, սակայն արդէն տարի մը վերջ՝ 1991 թուականին ան իր գործակիցներէն մէկուն հետ այցելած էր Երեւան։ «Պետութեան մը ղեկավարին նման դիմաւորուեցայ, դիկնապահներ յատկացուած էին։ Մեզ առաջնորդեցին պալատ մը, ուր այդ շրջանի պայմաններուն բերումով կը տիրէր ցուրտը։ Միասնաբար ճաշեցինք։ Հայկական կողմի ներկայացուցիչները նշեցին, թէ կրնանք թրքերէն խօսիլ ու մենք մեր զրոյցը յառաջ տարինք կէս անգլերէնով կէս թրքերէնով։ Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ ալ ընդունուեցայ օր մը վերջ։ Ինծի համար զգայացունց հանդիպում մըն էր։ Ան յայտնեց, թէ իր ժողովուրդին համար կ՚ուզէ ապահովել ո՛չ թէ անցեալի ցաւերուն շարունակութիւնը, այլ՝ ապագայի երջանկութիւնը։ Այդ այցելութեան ընթացքին գացի նաեւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը։ Ալիճան-Մարգարա սահմանադուռը։ Հայաստանի կողմէն սահմանը հատեցի մինչեւ կէսը։ Թուրքիոյ կողմէն արդէն զինուորական մը կը մօտենար եւ մեր զինուորը դժուար կացութեան չմատնելու նպատակով սահմանի կէսէն աւելին չհատեցի։ Այդ օր հասկցայ, թէ այդ սահմանին փակ մնալը որքան անիմաստ է։ Այդ օր ալ այդպէս էր, այսօր ալ կը մնայ այդպէս։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ, տակաւին նոյն օրը դիւանագիտական յարաբերութիւններ պէտք է հաստատուէին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ։ Իսկապէս դժբախտութիւն մըն է այդ քայլին առնուած չըլլալը։ Սա կը բխէր փոխադարձ անվստահութենէ։ Թուրքիա իր իսկ ինքնավստահութեամբ պէտք է յաղթահարէր՝ այդ հողային պահանջներու վերաբերեալ խնդիրները», ըսաւ Վոլքան Վուրալ։
Վոլքան Վուրալ աւելի վերջ մեկնաբանութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքին կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, հայկական կողմը հարց կու տայ, թէ Թուրքիա ինչո՞ւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ Ատրպէյճանի հետ, կախուածութեան մէջ կը դնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումէն։ Այս հարցումը թէեւ ճիշդ է, սակայն այդ յարաբերութիւնները իրարմէ կախեալ չդարձնելն ալ կը թուի ըլլալ անկարելի։ Ըստ Վոլքան Վուրալի, Թուրքիա պէտք է Ատրպէյճանի գործօնը նուազագոյնի իջեցնէ այս հարցին մէջ։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ճանապարհին Անգարա պէտք է իր մտադրութիւնները լաւ բացատրէ Պաքուին։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուելիք դրական յարաբերութիւնները կը նպաստեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման։
Վոլքան Վուրալ այս կէտին վրայ մատնանշեց երկու հիմնական հանգամանք։ Առաջինը՝ այն է, որ թուրք եւ հայ ժողովուրդներու այսքան երկար դարեր միասին ապրած ըլլալէն վերջ այսօր երկու երկիրներու միջեւ կապերուն խզուած ըլլալը իսկական դժբախտութիւն մըն է։ Երկրորդը՝ կը վերաբերի պատմական հարցերուն։ Հայաստան 1915-ին ապրուածները կը համարէ ցեղասպանութիւն ու բնականաբար կրնայ համարել։ Թուրքիոյ մէջ այս հարցի պարագային շատ զարգացում արձանագրուեցաւ։ Երկու կողմերու որակումները սկսան իրարու շատ նմանիլ։ Թուրքիա սկսաւ հայերուն ցաւը բաժնել եւ կրճատուեցաւ այն հեռաւորութիւնը, որ գոյութիւն ունի բառերուն միջեւ։
Աւելի վերջ Վոլքան Վուրալ դիտել տուաւ, թէ այսօր Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման համար Թուրքիոյ կը վիճակի համոզել Ատրպէյճանը։ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները պէտք է վերակենդանացուին։ Եթէ սկզբնական շրջանին Ատրպէյճանի հետ միայն զգացական կապեր գոյութիւն ունէին, ապա այսօր այդ կապերը ունին նաեւ տնտեսական լուրջ խորք մը՝ մասնաւորապէս ուժանիւթի բնագաւառի համագործակցութեան բերումով։
Վոլքան Վուրալի մօտեցմամբ, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն բարելաւումը պիտի նուազեցնէ նաեւ Սփիւռքի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած պնդումներուն նշանակութիւնը։ Բնականոնացման առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ժամ առաջ սահմանին բացուիլը, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը։ Վուրալ յիշեցուց, թէ Կարսի եւ Իգդիրի շրջաններու բնակիչներն ալ կը տուժեն սահմանի փակ մնալէն։ Ըստ իրեն, քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է միշտ բարձրաձայնէ այս խնդիրը, բազմակողմանի հանգամանքներով եւ արտայայտութեան ազատութեան միջավայրին մէջ։ Վուրալ վերյիշեց նաեւ հանգուցեալ Հրանդ Տինքը։
Ասուլիսին յաջորդած հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ ալ Վոլքան Վուրալ ընդգծեց, թէ պատմաբաններու յանձնաժողով մը ստեղծելու նիւթը պարզապէս երեւակայութիւն մըն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր պատմաբան կ՚ունենայ իր ուրոյն մօտեցումը, կարծիքը։ «Թէեւ մեր օգտագործած բառապաշարը ժամանակի ընթացքին ենթարկուած է փոփոխութեան, սակայն նոյնը չի կրնար ըլլալ Հայաստանէն հայու մը հետ։ Այստեղ հարցը ոչ թէ մոռնալն է, այլ ապագային նայիլը։ Սա կ՚ըլլայ շօշափելի ծրագրերով։ Ես մեծ կարեւորութիւն չեմ ընծայեր Սփիւռքին նկատմամբ։ Սփիւռքէն վախնալով Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւններու ձեւաւորումը սխալ է։ Բնականաբար հաշուի պիտի առնենք նաեւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները։ Անցեալին Ատրպէյճանի վրայ Թուրքիոյ կշիռը բարձր էր, իսկ ներկայիս արդէն Ատրպէյճանի կշիռը բարձր է Թուրքիոյ վրայ։ Թուրքիա պէտք է վարուի ուշադիր, չափաւոր ու հաշուի առնելով իր ազգային շահերը», նշեց Վոլքան Վուրալ։
Վաղը պիտի հրատարակենք վաստակաւոր դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզի խօսքերը։