ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ…
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ իր դէմ գործուած մահափորձի 9-րդ տարելիցին առթիւ։ Օսմանպէյի մէջ, իր սպաննուած վայրին վրայ երէկ դարձեալ թողուեցան ծաղիկներ, վառուեցան մոմեր։ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան առջեւ ժամադրուած էին հոծ թիւով ցուցարարներ, որոնք կը կրէին պաստառներ եւ այդ պաստառներուն վրայ արձանագրուած էին զանազան լոզունգներ, որոնք Հրանդ Տինքի յիշատակը վառ պահելու կարգախօսը կը համարուին։ Տինք ընտանիքի անդամները այս տարի եւս Յունուարի 19-ին շրջապատուած էին ջերմ զօրակցութեան մը մթնոլորտով։ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան պատուհանէն դարձեալ հնչեցին ելոյթներ, որոնց մէջ արտայայտուած հիմնական սպասումը, պահանջը արդարութիւնն էր։ Ցուցարարները ունկնդրեցին ժողովրդական երաժշտութենէ զանազան յայտնի գործերու՝ վերյիշելով Հրանդ Տինքը։ Արարողութիւնները տեղի ունեցան անվտանգութեան խիստ միջոցներու պայմաններուն ներքեւ։ Տարելիցին առթիւ «Հրանդի ընկերները»ն ալ հանդէս եկան հակիրճ յայտարարութիւնով մը, ուր արտայայտուեցաւ Հրանդ Տինքի նկատմամբ կարօտը։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Հրանդ Տինք հաւասար վերաբերմունք ունէր ամէն մարդու, բոլոր լեզուներու, հաւատքներու եւ մտածման նկատմամբ։ «Հրանդի ընկերները» շեշտեցին, որ իրենց զայրոյթը կը մնայ կենդանի ու կատարուածներն ալ միշտ կը մնան իրենց մտքին մէջ։
Միւս կողմէ, երէկ օրուան տեւողութեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ անմիջականօրէն արձագանգ հանդիսացան Հրանդ Տինքի ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Երեկոյեան ժամերուն ալ շարք մը յառաջատար հեռուստակայաններ ուղիղ եթերով ասուլիսներ սփռեցին՝ մահափորձին եւ անոր յաջորդած զանազան շրջաններու իրադրութեան համեմատ հետաքննութեան ունեցած ընթացքին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելով։ Այս ամբողջին մէջ տեղ տրուեցաւ նաեւ Տինք ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլուի յայտարարութիւններուն։ Ըստ իրեն, ներկայիս թէեւ մահափորձին վերաբերեալ բազում հարցականներ կը մնան առկայ, սակայն հարցաքննութեան թեւակոխած նոր հանգրուանը կը համարուի յուսադրիչ՝ պատրաստուած նոր ամբաստանագրին բերումով։