ԱՆՄԱՀԱՑԱԾ ՆԱՀԱՏԱԿԸ
Հոգելոյս Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ որպէս անմահացած նահատակ։ Լրագրող-հրապարակագիր, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 17-րդ տարելիցը երէկ նշուեցաւ՝ այլեւս աւանդական դարձած վերյիշման հանրահաւաքով եւ նորովի բարձրաձայնուած արդարութեան սպասումով։ Այս աններելի ոճրագործութեան պատճառած համատարած դառնութիւնը երէկ դարձեալ հազարաւորները առաջնորդեց դէպի դէպքի վայր, դէպի յանցագործութեան կէտ, այսինքն դէպի «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան շէնք, որու դրան առջեւ ինկած էր Հրանդ Տինք ճիշդ 17 տարի առաջ։ Իր գաղափարներուն համար թիրախաւորուած մտաւորականը անցեալ 17 տարիներուն արդարացուց թողած աւանդը իւրաքանչիւր քայլափոխին։ Անոնք, որոնք զինքը ճանչցած էին, բազմապատիկ կարօտ զգացին, իսկ անոնք, որոնք զինքը չէին ճանչցած, հաղորդ դարձան իր կերպարի ու որպէս այս բոլորի շօշափելի վկան՝ Հրանդ Տինքի ինկած կէտին վրայ բարձրացաւ յիշողութեան վայր մը։ Երէկուան ոգեկոչումներուն ընթացքին ալ մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ, որ 19 յունուար 2007 թուականի ոճրագործութիւնը չի պատկանիր միայն տուեալ պահուն, այլ անոր նախորդած է հարիւր տարուան, իսկ յաջորդած 17 տարուան անիրաւականութիւն մը։
Օսմանպէյի մէջ երէկ դարձեալ թարմ ծաղիկներու կոյտ մը կար հոգելոյս Հրանդ Տինքի ինկած կէտին վրայ։ Կարմիր մեխակները եւ անոնց մէջ տեղադրուած նուռերը կարծես կը խորհրդանշէին, թէ կենսունակ են՝ Հրանդ Տինքի յիշատակը, անոր նկատմամբ սէրն ու կարօտը, յիշատակին նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը։ Իր այրին՝ Ռաքել Տինք, հարազատները հերթական անգամ ծաղիկներ խոնարհեցին այդ կէտին վրայ՝ շրջապատուած հազարաւորներու կողմէ։
Համացանցի միջոցաւ թրքերէնով եւ անգլերէնով հեռարձակուեցաւ Հրանդ Տինքի ոգեկոչումը։ Այս տարուան հիմնական ատենախօսն էր ընկերաբան ու գրող Օյա Պայտար, որ խորհրդածութիւններ ըրաւ Հրանդ Տինքի եւ անոր պայքարին մասին։ Ան շեշտեց, որ իրեն ուղղուած փամփուշտը իրականութեան մէջ կը թիրախաւորէր երկրի խաղաղութիւնը։ Իր խօսքով՝ մարդիկ ամէն տարի Հրանդ Տինքը ոգեկոչելու համար կը մէկտեղուին, որպէսզի յամառ դիմադրութիւն ցոյց տան բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը ջանան տարանջատել ու թշնամացնել մարդիկը իրարու դէմ։ Այս կէտին վրայ ան շեշտեց այս հողերուն վրայ միասնաբար ապրելու կամքն ու փափաքը՝ որպէս ազատ ու հաւասար անհատներ։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ոգեկոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անվտանգութեան բացառիկ նախազգուշական միջոցներու պայմաններուն ներքեւ։ Ռաքել Տինք Հրանդ Տինքի յիշողութեան վայրի պատուհանէն ներկայացաւ հանրահաւաքի մասնակիցներուն, մինչ շէնքի ճակատին պարզուած էր մեծադիր պաստառ մը՝ նահատակ լրագրողի դիմանկարով։
Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ արձագանգած են այս իրադարձութեան՝ տեղ տալով նաեւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլի կողմէ հրապարակուած պատգամին։