ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՓԱՈՒԸՐԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ շարունակեց իր երկկողմանի հանդիպումները Տաւոսի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Երէկուան տեսակցութիւններու ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էր իր մէկտեղումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կառավարիչ Սեմենթա Փաուըրի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վահագն Խաչատուրեան եւ Սեմենթա Փաուըր քննարկեցին Հարաւային Կովկասի ընդհանուր իրադրութիւնը, նաեւ տարածաշրջանի առկայ մարդասիրական մարտահրաւէրները։ Անոնք անդրադարձան Փաուըրի տարածաշրջանային վերջին այցելութեան արդիւնքներուն։

Նախագահ Խաչատուրեան վերստին ընդգծեց կայուն ու տեւական խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը ու շեշտեց, որ խաղաղութեան գործընթացը այլընտրանք չունի։

Երկուստեք շեշտուեցաւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղեալ ջանքերու համատեղման կարեւորութիւնն ու ապագայ քայլերու անհրաժեշտութիւնը։ Այս համատեսքին մէջ կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանի կառավարութեան եւ USAID-ի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին շուրջ։ Փաուըր այս կապակցութեամբ վերահաստատեց համագործակցութեան շրջանակներու ընդլայնման ուղղեալ USAID-ի պատրաստակամութիւնը։

Հուսկ, Վահագն Խաչատուրեան եւ Սեմենթա Փաուըր բարձր գնահատեցին Հայաստանի եւ USAID-ի սերտ համագործակցութիւնը, որ շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր կը շարունակուի։ Անոնք կարեւորեցին նպատակային համագործակցութեան ապագայ խորացման ուղղեալ համատեղ քայլերու շարունակականութիւնը։

Շաբաթ, Յունուար 20, 2024