ԲԱՐԴ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի միջնորդութեամբ, Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի շրջանակներէն ներս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։

Գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան այս կարեւոր շփումին վերաբերեալ հրապարակեց մանրամասնութիւններ, նաեւ արտայայտուեցաւ Հայաստանի ներկայ քաղաքական առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Փաշինեան յայտնեց, որ Միւնիխի հանդիպման ընթացքին արձանագրուած է Փրակի եւ Պրիւքսէլի պայմանաւորուածութիւններուն նկատմամբ կողմերուն հաւատարմութիւնը։ Այս վերահաստատումը թէեւ կարեւոր նշանակութիւն ունի, սակայն, ըստ լրատուամիջոցներուն՝ Միւնիխի բանակցութիւններէն յետոյ օրակարգի վրայ կը գտնուին նաեւ այլ նոր հարցականներ։ Արդարեւ, Փաշինեան եւ Ալիեւ համաձայնած են, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկային ունենան հանդիպում մը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներուն մէջ այս կապակցութեամբ ընդգծուած են կարգ մը հարցումներ։ Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպումը պիտի ըլլայ երկկողմանի՞, թէ որեւէ երկիր պիտի միջնորդէ։ Եւ տակաւին, հանդիպումը ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ։ Թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի կողմէ տակաւին այս հարցումներուն շուրջ յստակեցումներ չկան։ Յամենայնդէպս, պարզ է, որ Ատրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր կը յամառի ուղիղ բանակցութիւններ կազմակերպելու նախընտրութեան վրայ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Միւնիխի հանդիպումէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայիս հետամուտ է անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համապարփակ համակարգ մը հաստատելու։ Վարչապետին խօսքով՝ այս ջանքերուն տրամաբանութիւնն է, որ հնարաւորինս լայն շրջանակներ ներգրաւուին երկրի անվտանգութեան երաշխաւորման։

Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Երեւանի կողմէ որդեգրուած արտաքին քաղաքականութեան մասին։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան նպատակը պետութեան անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելն է։ Մեր արտաքին քաղաքականութեան ուղղութեան նպատակը պէտք է ըլլայ մեր երկրին շահը։ Հիմա մենք մեր երկրի շահերու ետեւէն կ՚երթա՞նք արտաքին քաղաքականութեան մէջ, թէ ոչ։ Եւ այս առումով ուղղութեան փոփոխութեան խօսոյթը ինձ համար այդքան ալ ընդունելի չէ։ Մեր արտաքին քաղաքականութեան նպատակն է՝ պաշտպանել մեր անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Այս առումով մեր արտաքին բոլոր կապերուն մէջ սա է մեր ուղղութիւնը»։

Այս կէտին վրայ Փաշինեան աւելցուց, որ Եւրոմիութեան եւ Արեւմուտքի գործընկերներուն հետ յարաբերութիւններու մէջ հայկական կողմը կը կարեւորէ ո՛չ միայն նիւթական, այլեւ արժեբանական յարաբերութիւնները։ Արդարեւ, Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կը զարգանան նախ եւ առաջ ժողովրդավարութեան պատճառով։

Միւնիխի մէջ գերմանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի յարաբերութիւններու ընթացքին՝ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունին շատ խոր յարաբերութիւններ։ Երեւան պիտի շարունակէ նուիրուած մնալ Թեհրանի հետ այդ յարաբերութիւններուն։ «Բայց սա ալ այն դէպքերէն մին է, ուր ամէն ինչ պարզ չէ։ Մեր լաւ յարաբերութիւնները Իրանի հետ որոշ տեղերու մէջ լարումներ կը յառաջացնեն, մեր լաւ յարաբերութիւնները այլ երկիրներու հետ Իրանի մէջ լարուածութիւն կը յառաջացնեն», աւելցուց Փաշինեան։

Միւնիխի մէջ Նիկոլ Փաշինեան հարցումներու պատասխանելով անդրադարձաւ նաեւ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին, անշուշտ, 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան ածանցուած ձեւով։ Վարչապետը շեշտեց, որ եռակողմանի այդ յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ չկայ որեւէ արտայայտութիւն, որով պէտք է միջանցք մը անցնի Հայաստանի տարածքով։ Հնարաւոր չէ այդպիսի բան մը գտնել։ «Չկայ այնպիսի բան մը, որ այլ որեւէ երկիր Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ տարածք պէտք է վերահսկէ։ Խօսքը կը վերաբերի տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններուն։ Դուք գիտէք նաեւ, որ մեր դիրքորոշումը ամբողջական ներկայացնելու համար ստեղծած եւ առաջարկած ենք «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Սա է մեր տեսլականը», ըսաւ Փաշինեան։ Վարչապետը աւելցուց, որ եռակողմանի համաձայնութեան 9-րդ կէտին յղում ընելը արդէն արդիական չէ, որովհետեւ թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Ատրպէյճան մնացեալ բոլոր կէտերով իրենց պարտաւորութիւնները ամբողջութեամբ խախտած են։ Այս առումով ան վառ ապացոյց մը համարեց, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ գոյութիւն չունի։ «Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայման նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը պաշտպանելն էր», ըսաւ Փաշինեան։

Անդրադառնալով Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին՝ Նիկոլ Փաշինեան Միւնիխի մէջ յայտնեց, որ Երեւան այդ հարցին շուրջ Մոսկուայի դաշնակիցը չէ։

Հարկ է նշել, որ Փաշինեանի Ուքրայնայի տագնապին վերաբերեալ յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ երէկ Ռուսաստանի կողմէ պաշտօնապէս հակազդեցութիւն մը արտայայտուեցաւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2024