ՌԻԿԱՅԻ ՍԵՄԻՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Պրիւք­սէ­լի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) գա­գա­թա­ժո­ղո­վին, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Այս առ­թիւ ան խօ­սե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գի զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րուն շուրջ։ Սարգ­սեան կանգ ա­ռաւ երկ­րէն ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կա­րե­ւոր տեղ կը զբա­ղեց­նեն Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջին մէջ։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ 2015 թուա­կա­նին զու­գա­դի­պած տա­րե­լի­ցին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին տե­սա­կէ­տէ ա­նոր ու­նե­ցած խոր­հուր­դին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ վեր­ջերս ԵԺԿ-ի կող­մէ ըն­դու­նուած էր «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րը» խո­րագ­րեալ բա­նա­ձեւ մը, Սերժ Սարգ­սեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ար­տա­յայ­տեց իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Սերժ Սարգ­սեան մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ԵԺԿ-ի նա­խա­գահ Ժո­զէֆ Տո­լին, որ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին պի­տի այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ո­գե­կո­չում­նե­րուն։

Բաց աս­տի, Պրիւք­սէ­լի մէջ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տո­նալտ Թուս­քի հետ։ Զրոյ­ցին ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տան-ԵՄ շի­նիչ երկ­խօ­սու­թեան եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նէ ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն, ո­րոնք կող­մե­րուն հա­մոզ­մամբ կա­րե­ւոր տեղ կը զբա­ղեց­նեն ԵՄ-ի հետ Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Սերժ Սարգ­սեան եւ Տո­նալտ Թուսք նկա­տի ու­նե­ցան նաեւ 2014-ի տա­րե­վեր­ջէն ի վեր քննար­կուող  Հա­յաս­տան-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ նոր ի­րա­ւա­կան շրջա­գի­ծը ձե­ւա­ւո­րե­լու հար­ցը եւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան Ռի­կա­յի մօ­տա­լուտ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը շօ­շա­փե­ցին նաեւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։

Պրիւք­սէ­լի մէջ ԵԺԿ-ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի շրջա­նակ­նե­րէն ներս, Սերժ Սարգ­սեան կար­ճա­տեւ հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ Այս առ­թիւ քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ Հա­յաս­տան-Եւրոպական միութիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Ի լրումն այս բո­լո­րին Սերժ Սարգ­սեան ծա­ւա­լուն հար­ցազրոյց մը տուաւ ֆրան­սա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր «Ֆրանս 24» հե­ռուս­տա­կա­յա­նին՝ անդ­րա­դառ­նա­լով բազ­մաբ­նոյթ հար­ցե­րու։

Պրիւք­սէ­լի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­քին էին Եւրոպական միութեան մօտ Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար դես­պան Թա­թուլ Մար­գա­րեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015