ԱՒԵԼԻ ՊԱՅԾԱՌ ԱՊԱԳԱՅ
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ կրկնեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հնարաւորութիւն ունին տեւական խաղաղութեան հասնելու՝ տարիներու հակամարտութենէն յետոյ։
Երէկ, Երեւանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Հիւսիս-ատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Սթոլթենպերկը, որ վերջին օրերուն տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած էր դէպի Հարաւային Կովկաս։ Եէնս Սթոլթենպերկի ուղեւորութեան վերջին կանգառը հանդիսացաւ Երեւանը, ուր ան երէկ օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Փաշինեան եւ Սթոլթենպերկ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Եէնս Սթոլթենպերկ ըսաւ. «Այսօր Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հնարաւորութիւն ունին տեւական խաղաղութեան հասնելու տարիներու հակամարտութենէն յետոյ։ Ահա թէ ինչո՛ւ ես երկու երկիրներուն կոչ կ՚ուղղեմ՝ համաձայնութեան հասնիլ, ինչ որ ուղի կը հարթէ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար եւ ձեր ժողովուրդներու համար տեւական խաղաղութեան։ ՆԱԹՕ կ՚աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, նաեւ ձեր խաղաղ ձգտումներուն»։
Եէնս Սթոլթենպերկ, միեւնոյն ժամանակ, ողջունեց հայկական կողմի համերաշխութիւնը Ուքրայնայի հետ։ Ի լրումն այս բոլորին, ընդհանուր քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց Փաշինեանին՝ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար աւելի պայծառ ապագայ կառուցելու աշխատանքին բերումով։
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտարարեց. «Մեր որեւէ համագործակցութիւն չի կրնար ուղղուած ըլլալ մեր իսկ տարածաշրջանին դէմ»։ Վարչապետը շեշտեց, որ Հայաստան կ՚ակնկալէ ՆԱԹՕ-ի հաստատակամ աջակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ հաշտութեան որոնումներու գործընթացին մէջ։ Ան մատնանշեց, որ Հայաստան հետաքրքրուած է դաշինքի հետ համագործակցութեան խորացմամբ։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Մինչ այդ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Եէնս Սթոլթենպերկի տարածաշրջանային այցելութեան։ Այսպէս, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս ազդեցութիւն ընդլայնելու ուղղեալ ՆԱԹՕ-ի փորձերը դժուար թէ ամրապնդեն կայունութիւնը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ մեկնաբանեց՝ նախօրէին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ նոր պատերազմ մը կը մնայ հաւանական։ Ռուս բանբերը այս կապակցութեամբ պնդեց, որ պատերազմի սպառնալիքը Արեւմուտքի քաղաքականութեան հետեւանքն է։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Ի դէպ, Փաշինեանի վերոյիշեալ յայտարարութեան արձագանգեց նաեւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել յայտնեց, որ իր երկիրը մեծ ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ այս հարցին նկատմամբ։ «Սա խնդիր մըն է, որուն մենք կը շարունակենք մեծ ուշադրութիւն դարձնել։ Սա բան մըն է, որուն վրայ ոչ միայն պետական քարտուղարը, այլեւ անոր օգնական Օ՚Պրայընը եւ աւագ համակարգող Պոնոն կը շարունակեն կեդրոնանալ՝ համագործակցելով համապատասխան կողմերուն հետ», ըսաւ ան։
Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան-Ատրպէյճան արագ սահմանազատման մասին յայտարարութիւններ ըրած էր Տաւուշի մարզին մէջ։ Այդ յայտարարութիւններուն ժամանակ ան նշած էր, որ սահմանակից չորս գիւղերու չվերադարձման պարագային Ատրպէյճան կրնայ նոր պատերազմ մը սանձազերծել Հայաստանի դէմ։