ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԲԱՂԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Ինձ ժողովուրդը ընտրած է՝ ինչ կ՚ուզեմ, կ՚ընեմ»: Սովորաբար այսպէս իրենց կամայականութիւնները կ՚արդարացնեն օթորիթէր վարչակարգերու բոլոր ղեկավարները՝ ներառեալ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ:

Ի՞նչ կը նշանակէ «ընտրած է»: Սա, ըստ օթոքրատներու, կը նշանակէ, որ քուէարկութիւնը անցած է առանց լուրջ միջադէպերու եւ առանց «յետընտրական» խժդժութիւններու: Բայց այդ չափանիշները, որոնց Հայաստանն ու Ռուսաստանը այժմ հիմնականին մէջ կը համապատասխանեն, բաւարար չեն նոյնիսկ բուն ընտրութիւնները ազատ եւ արդար համարելու համար: Եւ անոնք բացարձակապէս չեն վկայեր, թէ տուեալ երկրի քաղաքական վարչակարգը իրապէս ժողովրդավարական է:

Ի հարկէ, երկու երկիրներու միջեւ տարբերութիւնները նոյնպէս ակնյայտ են: Ռուսաստանի վերջին նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ որպէս Փութինի «մրցակիցներ» արձանագրուած են խամաճիկ թեկնածուներ (…), որոնք ամբողջութեամբ կը սատարեն Փութինի՝ Ուքրայնայի դէմ սանձազերծած պատերազմին: Համարել այդ մարդիկ «այլընտրանքային թեկնածուներ»՝ զաւեշտալի կ՚ըլլար: Իսկ անոնցմէ քիչ թէ շատ տարբերուող Պորիս Նատեժտինի արձանագրումը ընդհանրապէս մերժած են:

Հայաստանի մէջ այլընտրանքային թեկնածուներն ու կուսակցութիւնները կը մասնակցին ընտրութիւններուն: Ուրիշ հարց, թէ որքա՛ն այդ ընդդիմադիրներու ծրագրերը իսկապէս այլընտրանքային են:

Ի հարկէ, հնարաւոր չէ նաեւ չնկատել, որ Հայաստանի մէջ չկան ոչ-իշխանամէտ լրատուամիջոցներու նկատմամբ այնպիսի ճնշումներ, որոնք կը կիրառուին Ռուսաստանի մէջ: Տակաւին չխօսինք «ելեկտրոնային քուէարկութեան» հետ կապուած հաւանական խարդախութիւններու եւ Ուքրայնայի չորս մարզերուն մէջ կատարուած «ընտրութիւններու» մասին, որոնք որեւէ ձեւով հնարաւոր չէր վերահսկել: Մէկ խօսքով, մեր մեղմ օթորիթարիզմը կը տարբերի անոնց նոյնատիպ, բայց շատ աւելի կոշտ վարչակարգէն:

Բայց տակաւին 13-րդ դարուն Թովմաս Աքուինացին կը նշէր, որ կարեւոր է ո՛չ միայն այն, թէ ինչպէս իշխանութիւնը ձեռք կը բերուի, այլեւ, թէ ինչպէս այն կը կիրառուի: Իսկ այդ առումով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ էական տարբերութիւն չկայ:

Ժողովրդավարութեան հիմնական յատկանիշներէն է իշխանութեան թեւերու բաժանումը, որ կը բացակայի երկու երկիրներուն մէջ: Չկան հակակշիռներ եւ զսպումներ. առաջին դէմքի մտքին ինչ փչէ, այդ ալ կ՚ընէ: Չէ՞ որ զինքը «ժողովուրդը ընտրած է»:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2024