ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ան­ցեալ շա­բաթ Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցած Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ա­ւար­տեց իր այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ի­րենց կե­ցու­թեան շրջագ­ծով Պուն­տես­տա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։ Հիւր խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րուն հետ էր նաեւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Գեր­մա­նիոյ դես­պան Ռայ­նէր Մո­րէլ։

Թան­գա­րան-կա­ճա­ռը շրջե­լու եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լու ա­ռըն­թեր, Պուն­տես­տա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ծա­ղիկ­ներ թո­ղու­ցին Կո­մի­տա­սի ար­ձա­նին մօտ, որ տե­ղադ­րուած է նոյն հա­մա­լի­րէն ներս։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015