ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Հա­յաս­տան այս օ­րե­րուն կը հիւ­րըն­կա­լէ Ճատ­րա­կի հա­մաշ­խար­հա­յին 10-րդ խմ­բա­յին ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին այս կա­րե­ւոր մրցա­շար­քը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս բա­ցուե­ցաւ Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ ՖԻ­ՏԷ-ի նա­խա­գահ Քիր­սան Ի­լիւմ­ժի­նով։ Հարկ է նշել, որ այս մրցա­շար­քը ար­դէն երկ­րորդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի Հա­յաս­տա­նի մէջ, ինչ որ կը հա­մա­րուի մեծ պա­տիւ մը։ Հա­յաս­տան նա­խա­պէս ճատ­րա­կի այս խո­շո­րա­գոյն մրցա­շար­քին տան­տէ­րը ե­ղած էր 2001 թուա­կա­նին։

Աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն խում­բեր կը մաս­նակ­ցին ա­ռաջ­նու­թեան։ Մաս­նա­կից 50 մար­զիկ­նե­րէն 49-ը կը կրեն կրոս­մայս­թը­րի բարձ­րա­գոյն տիտ­ղո­սը, ինչ որ պատ­մա­կա­նօ­րէն ե­զա­կի ե­րե­ւոյթ մըն է։

Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին մէջ Սերժ Սարգ­սեան նշեց, որ աշ­խար­հի մէջ շա­տեր Հա­յաս­տա­նը կը հա­մա­րեն ճատ­րա­կի մեծ տէ­րու­թիւն մը։ Ճատ­րա­կը ար­դար խա­ղի, ար­դար պայ­քա­րի լա­ւա­գոյն օ­րի­նակն է կեան­քի բազ­մա­թիւ ո­լորտ­նե­րուն հա­մար։

Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ կազ­մա­կեր­պուած բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ խա­ղե­րը ար­դէն կ՚ըն­թա­նան բուռն մրցակ­ցու­թեան մը մթո­լոր­տին մէջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015