ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ «ԿԱՆԱՉ ՄՈԼՈՐԱԿ 2015» ԲՆԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԸ
Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանին մէջ սկսաւ «Կանաչ մոլորակ» բնապահպանական միջազգային մրցոյթի հայաստանեան փուլը: Արդէն երրորդ տարին է, որ միջազգային այս մրցոյթի կազմակերպիչները ճեմարանին կը վստահին տարածքաշրջանային փուլի կազմակերպումը: Ի դէպ, պատանի բնապահպաններու խոշորագոյն մրցոյթին կը մասնակցին շուրջ երեք տաս-նեակ երկիրներ. ինչպէս՝ Սպիտակ Ռուսիա, Պրազիլիա, Պուլկարիա, Գերմանիա, Հայաստան, Հնդկաստան, Իտալիա, Չինաստան, Ղազախիստան, Ռումանիա, Ռուսաստան։ Այս երկիրներէն մրցոյթին կը մասնակին առաջինէն մինչեւ տասներկրորդ դասարաններու շուրջ հինգ հարիւր աշակրետներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս տարի մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ չորս անուանակարգի տակ. «Անտառային կեանքն ու մարդկային ճակատագրեր», «Կանաչ մոլորակը երախաներու աչքերով», «Դարաւոր աւանդոյթներու բազմազանութիւն» եւ «Բնութիւն, մշակոյթ եւ էքոլոժի»:
«Շիրակացիի անուան ճեմարանի երդիքին տակ հայաստանեան փուլի իրականացումը կը վկայէ այն մասին, թէ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ որքան բարձր կը գնահատուի կրթօճախի ներդրումը դպրոցականներու էքոլոժիի դաստիարակութեան եւ շարժման աջակցելու գծով», ըսաւ մրցոյթի հայաստանեան փուլի կազմակերպիչ, ճեմարանի կենսաբանութեան ուսուցչուհի, կենսաբանական գիտութիւններու թեկնածու Նարինէ Քսաջիկեան ու նշեց, թէ այս տարուան հայաստանեան փուլին կը մասնակցին Երեւանը, Կիւմրին, Վանաձորը, Գաւառը, Սիսիանը, Ոսկեվազ, Ձորակ, Ձորաղբիւր գիւղերու դպրոցները ներկայացնող շուրջ ութսուն աշակերտներ:
Ամենաշատ մասնակից ունի Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան թիւ 32 դպրոցը: Անոնք տասնմէկ հոգի են: Իսկ Երեւանի Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանի սաները կը մասնակցին երեք՝ «Կանաչ մոլորակը երախաներու աչքերով», «Բնութիւն, մշակոյթ եւ էքոլոժի» եւ «Դարաւոր աւանդոյթներու բազմազանութիւն» անուանակարգերու մէջ։ «Բնութիւն, մշակոյթ եւ էքոլոժի» անվանակարգին գծով ճեմարանը կը ներկայացնէ կրթօճախի թատերախումբի միակ ելոյթը՝ ռուս անուանի գրող Տենիս Ֆոնվիզինի «Տհասը» ներկայացմամբ: Այս ծրագիրը միակ թատերական ներկայացումն է, որ տեղի կ՚ունենայ մրցոյթի հայաստանեան փուլէն ներս:
Այս մասին արտայայտուեցաւ Գարիկ Ղազարեան, որ հիմնադրած է թատերախումբը։ Իսկ թատերախումբը կը շարունակուի Շիրակացիի ճեմարանի հիմնադրութեան օրերէն։ Գարիկ Ղազարեանի սաները երեք անգամ արժանացած են «Կանաչ մոլորակ» միջազգային մրցոյթի դափնեկիրի կոչման: Գարիկ Ղազարեան բարձր կը գնահատէ իր սաներու շնորհն ու ունակութիւնները եւ յոյս կը յայտնէ, որ այս անգամ ալ անոնք անպայման մրցանկ մը կը ստանան: «Այս փառատօնի ընթացքին կը գնահատուին երախաներու խաղը եւ բեմադրութիւնը։ Այս մէկը ոչ թէ բեմադիրի մրցոյթ է, այլ երախաներու», ըսաւ Գարիկ Ղազարեան։
Մինչ այդ ճեմարանի մէջ ցուցադրուած՝ երախաներու աշխատանքները գրաւեցին ճեմարանականներու, անոնց ուսուցիչներու եւ մանկավարժներու ուշադրութիւնը: Իւրաքանչիւր աշխատանքի մօտ երեք-չորս ճեմարանական կար ու անոնք քննարկեցին ներկայացուած գործերը: Իսկ դատակազմի անդամներն ալ ամենայն ուշադրութեամբ ծանօթացան ներկայացուած աշխատանքներուն, որոնցմէ շատերը գրեթէ կատարեալ գործեր էին: Թէեւ այս որակը որոշակի դժուարութիւն ստեղծեց ընտրութեան համար, բայց միեւնոյն ժամանակ ուրախառիթ էր: Այցելուները հպարտացան շնորհաշատ աշակերտներով, յատկապէս ուրախութիւն յայտնեցին, թէ նման երախաներ կան Հայաստանի գիւղական դպրոցներէն ներս։ Դատակազմը կատարեց ընտրութիւնը, ընտրուեցան այն գործերը, որոնք կ՚ուղարկուին Մոսկուա՝ եզրափակիչ փուլին մասնակցելու համար։
«Իսկապէս, մեր պատանի նկարիչները դժուարին կացութեան մատնեցին դատակազմի անդամները։ Մենք չկրցանք իւրաքանչիւր անուանակարգէն պահանջուող երեք լաւագոյն գործերը ընտրել: Ստիպուած չորսական աշխատանք ընտրեցինք: Նախապէս ալ եղած էր նման պարագայ մը եւ Մոսկուայի մէջ քննուած էին աշակերտներուն ստեղծագործութիւնները։ Լաւագոյն ստեղծագործութիւնները մեծամասնութիւն կազմեցին», ըսաւ Նարինէ Քսաջիկեան։
Միւս կողմէ, Մոսկուա ուղարկուած գործերու «աշխարհագրութիւնը» բաւականին ծաւալուն է. բացի Երեւանէն ներկայացուած են Կիւմրիի, Գաւառի, Սիսիանի, ինչպէս նաեւ Ձորաղբիւր, Ձորակ, Ոսկեվազ եւ Ագարակ գիւղերու դպրոցականներու աշխատանքները:
Հիմա կը սպասուի արդիւնքներուն։