ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Լիւք­սեմ­պուրկ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան եւ ա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ստեղ­ծուած Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։ Հա­ւա­նա­կան է, որ ան յա­րա­կից հան­դի­պում­ներ ալ ու­նե­նայ այս շրջագ­ծով։

Հարկ է նշել, որ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջագ­ծով ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս թափ ստա­ցած են, ո­րով­հե­տեւ յա­ռա­ջի­կա­յին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ խորհր­դա­րա­նա­կան լսում­ներ։ Այս առ­թիւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վար Թրա­յան Խրիս­տէա յայտ­նեց, որ ԵՄ շա­հագրգ­ռուած է Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­մամբ։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեանն ալ յայտ­նած էր, թէ մին­չեւ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վը հայ­կա­կան կող­մը յստակ քայ­լեր կ՚ակն­կա­լէ Եւ­րո­միու­թե­նէն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015