ՀԱՍՆԻԼ ԲԱՐՁՐ ԱՍՏԻՃԱՆԻ
«Ազգային գրադարանային շաբաթ»ի շրջանակէն ներս նախընթաց օր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Հիմնարար գիտական գրադարան»ը ներկայացուց «Թարգմանչաց արուեստ» շտեմարանը: Առցանց հարթակը միտուած է հանրահռչակելու հայ թարգմանիչներն ու անոնց կատարած աշխատանքները:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գրադարանի աշխատակից եւ շտեմարանի կազմող Մերի Մանուկեան յայտնած է, որ «Թարգմանչաց արուեստ»ի գաղափարը ծնունդ առած է նախորդ տարի, բայց 2023-ին կարելի եղած է զայն կեանքի կոչել:
«Շտեմարանը կը ներառնէ խորհրդային եւ մեր ժամանակներու բոլոր հայ թարգմանիչները: Նպատակն է հարթակի մը մէջ մէկտեղել զանոնք, անոնց թարգմանութիւնները: Առաջին անգամ փորձուած է շտեմարանը կապել «Վիքիփետիա»ի հետ», ընդգծեց ան եւ աւելցուց, որ կը փորձեն ստեղծել շղթայական օղակ, որ կ՚ապահովէ թէ՛ տեղեկատուութիւնը եւ թէ թարգմանութիւններու մատենագիտական ցանկերը: «Առայժմ գեղարուեսական գիրքերն ու ժողովածոները ընդգրկուած են մատենաշարի մէջ, իսկ յառաջիկային պիտի ներառնուին նաեւ մասնագիտական գրականութիւնն ու պարբերական մամուլի մէջ տպագրուած թարգմանութիւնները», ըսաւ Մանուկեան եւ հաւաստիացուց, որ մատենաշարը թարգմանիչներու, գիրքի եւ ընթերցանութեան նկատմամբ մարդոց հետաքրքրութիւնը մեծցնելու լաւ հնարաւորութիւն մըն է:
Իր կարգին, գրադարանի տնօրէն Մայա Գրիգորեանն ալ նշեց, որ ամէն տարի կը միանան «Ազգային գրադարանային շաբաթ»ին: «Այդ մէկը գրադարաններուն հնարաւորութիւն կու տայ ցոյց տալու իրենց կատարած աշխատանքը եւ այս տարի մեր միջոցառումները կազմակերպած ենք՝ «Գրադարանը կրթութեան բաց հարթակ» խորագրին համահունչ. բոլոր նախաձեռնութիւնները ունին կրթական բաղադրիչ», ըսաւ ան եւ յատկապէս կարեւորեց շտեմարանի ստեղծումը, որմէ բոլորը կրնան օգտուիլ: Իր խօսքով՝ գրադարանը կը համալրուի բացառապէս գիտական բնոյթով գիրքերով: Գրադարանի ընդհանուր ֆոնտը 4 միլիոն է՝ պարբերական մամուլ, շարունակական հրատարակութիւններ եւ այլն, իսկ 2023-ի առաջին եռամսեակին գրադարանը համալրուած է 3 հազար գիտական հրատարակութիւններով, որոնք շատ կարեւոր են:
Բաց աստի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեան նշեց, որ այսօր գրադարաններու գործը բարդացած է, որովհետեւ գրադարանները սկսած են փոխարինուիլ համացանցային կայքերով: «Մարդիկ սկսած են առցանց ընթերցել: Ըստ իս՝ բոլորիս խնդիրն է հասարակութիւնը գիրքի հետ կապելը: Գիրք կարդալը կարեւոր է ո՛չ միայն գիտելիք ձեռք բերելու, այլեւ հայերէն եւ այլ լեզուներ սորվելու, միտքերը այդ լեզուով ճիշդ շարադրելու տեսանկիւնէն: Առանց գիրք կարդալու, առանց գիրքի հետ աշխատելու հնարաւոր չէ հասնիլ գրագիտութեան բարձր աստիճանի: Գիրքը նաեւ այլ առաւելութիւն ունի. ան այս կամ այն ժամանակաշրջանը կ՚ամփոփէ եւ կը ներկայացնէ յաջորդ սերունդներուն», շեշտեց Սուվարեան:
Ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ արտայայտուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի եւ հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ Հայկական գրադարանային միութեան ջանքերով ապրիլի 17-էն մինչեւ 23-ը յայտարարուած է «Ազգային գրադարանային շաբաթ»:
2002 թուականէն ի վեր «Ազգային գրադարանային շաբաթ»ը կ՚իրականացուի ամէն տարի: Սոյն շաբթուան ընթացքին կը վերարժեւորուին գիրքը, ընթերցանութիւնն ու գրադարաններու դերը հասարակութան կեանքէն ներս: «Գրադարանը կրթութեան բաց հարթակ» խորագրուած է այս տարուան շաբաթը, որու կազմակերպիչներու շարքին է Հայաստանի Գրադարաններու ընկերակցութիւնը։