ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՓՈՒԼ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացէն ներս երէկ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Երկու երկիրներու սահմանազատման յանձնաժողովներու 8-րդ նիստը գումարուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ փոխ-վարչապետներուն՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ գումարուած նիստին կապակցութեամբ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ սկզբնական համաձայնութիւն գոյացուած է սահմանագծի չորս հատուածներուն կապակցութեամբ։
Այսպէսով Հայաստան համաձայնած է վերադարձնել Տաւուշի հատուածէն ներս Ատրպէյճանի պահանջած չորս գիւղերը՝ անոնց դիմաց չստանալով Բերքաբերի հանդիպակաց հայկական տարածքները, որոնք այժմ Ատրպէյճանի վերա-հըսկողութեան տակ կը գտնուին։ Իսկ Ոսկեպարին յարակից միջպետական ճանապարհի հատուածը այս փուլին չի սահմանազատուիր, այսինքն կը մնայ հայկական վերահսկողութեան տակ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ վարչապետի աշխատակազմը երէկ մանրամասն յայտարարութիւններով հանդէս եկան այս կապակցութեամբ։ Երեւանն ու Պաքուն սահմանազատման յանձնաժողովներու երէկուան նիստին սկզբնական համաձայնութեան հասած են սահմանագծի առանձին հատուածները Խորհրդային Միութեան փլուզման պահու դրութեամբ գոյութիւն ունեցող իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած միջհանրապետական սահմանին համապատասխանեցնելու նպատակով։
Եթէ երէկուան պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ հայկական կողմը կը վերադարձնէ Ատրպէյճանի պահանջած չորս գիւղերը, ապա ինք ի՞նչ կը ստանայ։ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրներուն կողմէ «Արմէնփրէս»ին տրուած պարզաբանման մէջ ընդգծուած է, որ անվտանգային ռիսքերու նուազեցման կը հասնի երկիրը։
«Ատրպէյճան կը ստանայ իրեն պատկանող երկուքուկէս գիւղ, որովհետեւ Քըզըլ Հաճըլը գիւղի տարածքը ամբողջութեամբ, Աշաղը Էսքիպարա գիւղի տարածքի զգալի մէկ մասը մինչ այս ալ եղած է Ատրպէյճանի տիրապետութեան ներքեւ։ Իսկ Հայաստան այս գործընթացին մէջ կը ստանայ սահմանազատման հետ կապուած եւ անվտանգային ռիսքերու նուազեցում։ Այսօրուայ իրադրութեամբ առաջին անգամ կ՚ունենանք սահմանազատուած սահման Ատրպէյճանի հետ», նշուած է կառավարութեան աղբիւրներուն կողմէ։
Պաքուէն ալ յայտարարութիւններ կատարուեցան երէկ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճըզատէ տեղեկացուց, որ Հայաստան համաձայնած է վերադարձնել բռնագրաւեալ չորս գիւղերը։
Միջազգային դերակատարներն ալ անմիջապէս արձագանգեցին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երէկ գոյացած համաձայնութիւններուն։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես ողջունեց երէկուան համաձայնութիւնները եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Երեւան եւ Պաքու շարունակեն սահմանի մնացեալ հատուածներու յստակեցման աշխատանքները ու լուծեն երկկողմանի բոլոր խնդիրները՝ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հասնելու համար։ Ընդհանուր քարտուղարին բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք տեղեկացուց, որ Կութերես ուշադիր կը հետեւի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ալ տեղեկացուց, որ կ՚ողջունէ Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ համաձայնութեան վերաբերեալ՝ Երեւանէն եւ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւնը։ Իր կարգին, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ երէկուան յայտարարութիւնը յուսադրիչ նորութիւն որակեց։
Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին ալ անդրադարձաւ երէկ հրապարակուած պայմանաւորուածութիւններուն։ «Հայաստանի իշխանութիւնները մեզ տեղեակ պահած են այդ հանդիպման եւ արձանագրութեան բովանդակութեան վերաբերեալ։ Ու մեզի յայտնած են, որ համաձայնութիւնները ձեռք բերուած են Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ, այսինքն միջազգային սահմանի հիման վրայ։ Ինչպէս ինձ յայտնած են, այն հատուածը, որով կ՚անցնի մայրուղին, այդ համաձայնութիւններուն չէ ներառուած», ըսաւ դեսպանը։
«G-7»Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Միւս կողմէ, Մեծն եօթնեակի (G-7) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ ժողով մը գումարեցին Իտալիոյ մէջ։ Նիստէն վերջ «G-7»ի անունով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի անոնք հասնին տեւական խաղաղութեան։ Նախարարները շեշտեցին նոր մագլցումներու անթոյլատրելիութիւնը։
«Մենք կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ պահպանել լիակատար յանձնառութիւնը խաղաղ գործընթացին՝ հասնելու համար արժանապատիւ ու յարատեւ խաղաղութեան, որ հիմնուած կ՚ըլլայ ուժի չկիրառման, ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Բաց աստի, Մեծն եօթնեակը կոչ ուղղած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որպէսզի համապատասխան քայլերու ձեռնարկեն Լեռնային Ղարաբաղ փախստականներու անվտանգ, արժանապատիւ եւ կայուն վերադարձը ապահովելու համար։
Անդրադառնալով յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերուն՝ «G-7»ի նախարարները կոչ ուղղած են բանալ երկու երկիրներու միջեւ սահմանը։
Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս դրականօրէն արձագանգեց Մեծն եօթնեակի այս յայտարարութեան։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընկերային ցանցերու վրայ ողջունեց այդ յայտարարութիւնը։
ԱԼԻԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՄԵԿՆԻ
Մինչ այդ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը պատրաստուի շարք մը կարեւոր արտասահմանեան ուղեւորութիւններու։ Ան յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Նոյնպէս յաջորդ շաբթուան մէջ Ալիեւ պիտի ուղեւորուի նաեւ Պերլին, ուր պիտի հիւրընկալուի Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կողմէ։ Գերմանական կառավարական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ պիտի գտնուին անվտանգային քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի բնագաւառին վերաբերեալ հարցեր։