ԵՐԿՈՒ ԱՆՀԵԹԵԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
2000 թուական. «Փութինը հզօր ղեկավար է: Մենք ամբողջ կեանքը ռուսի շվաքի (ստուերի) տակ ապրած ենք, այդպէս ալ պիտի երթայ: Փութին, որ շատ ջղայնանայ, մեզ Մասիս սարը կը վերադարձնէ: (…)»:
2024 թուական. «Ռուսաստանը միշտ մեր թշնամին եղած է: 300 տարիէ ի վեր ռուսի պատճառով մենք կը ցեղասպանուինք եւ տարածքներ կը կորսնցնենք»:
Սա այն դէպքն է, երբ երկու անհեթեթութիւնները, երկու իմաստազուրկ ծայրայեղութիւնները կը պայմանաւորեն զիրար: Եթէ մէկէն ունիս չափազանցուած սպասումներ, ապա միանգամայն տրամաբանական է, որ խոր հիասթափութենէ յետոյ բոլոր դժբախտութիւններուդ պատճառը կը սկսիս անոր մէջ տեսնել:
Առաջին (2000 թուականի) անհեթեթութեան մասին շատ գրած եմ, երբ այդ մէկը մեր հասարակութեան մէջ տիրապետող էր: Հիմա ժամանակն է անդրադառնալ երկրորդին. այս մէկը, ի դէպ, միանգամայն ձեռնտու է ներկայ իշխանութեան, որովհետեւ Փաշինեանը կ՚ազատէ տեղի ունեցած (եւ շարունակուող) ողբերգութեան համար որեւէ պատասխանատուութենէն:
Ըստ այդմ, Փութինի ռազմավարական նպատակը ի սկզբանէ Արցախը հայաթափելն էր: Չեմ կարծեր, որ սա այդպէս է: Պետական գործիչները (եթէ, ի հարկէ, անոնք Փաշինեանի նման (…) փոփոխամիտ չեն) կը ղեկավարուին նախեւառաջ հաշուարկներով: Անոնք կը հաշուեկշռեն, թէ ո՛ր նպատակը առաջնահերթ է, իսկ ո՛րը կարելի է զոհաբերել յանուն աւելի կարեւորի: Բարոյական գնահատականները այստեղ աւելորդ են:
Պարզ է, որ առնուազն 2014 թուականէն սկսեալ Փութինը կը ծրագրէր լայնածաւալ պատերազմի սկսիլ Ուքրայնայի դէմ: Ոչ-բարդ հաշուարկը ցոյց կու տար, որ հարեւան երկրի վրայ յարձակման հետեւանքով Ռուսաստան կը յայտնուի մեկուսացման մէջ եւ պատժամիջոցներու տակ: Թուրքիոյ քաղաքական եւ տնտեսական աջակցութիւնը այդ պայմաններուն ներքեւ խիստ կարեւոր էր՝ աւելի կարեւոր, քան Արցախը:
Ի հարկէ, Ռուսաստանի համար ցանկալի էր երկուքն ալ ունենալ: Բայց այն բանէն յետոյ, երբ 2019 թուականին Հայաստանը մերժեց Լաւրովի վերջին ծրագիրը (որ չըսեն «Նիկոլ-դաւաճան»), սա անհնարին դարձաւ:
Այսօրուայ անհեթեթութեան երկրորդ բաղադրիչը այն է, որ եթէ «խաղաղութեան պայմանագիրը» կնքուի Եւրոմիութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեան տակ, ապա այդ երկու ուժային կեդրոնները կ՚երաշխաւորեն խաղաղութիւնը: Սա մոլորութիւն է, ինչպէս, ի հարկէ, մոլորութիւն է այդ առումով Ռուսաստանի վրայ յոյս դնելը: Այսօր ոչ ոք որեւէ բան կրնայ երաշխաւորել: Եւ պատճառը այն չէ, որ Ռուսաստանը, ԵՄ-ն, ԱՄՆ-ը աւելի «լաւ» կամ «վատ» են, այլ այն, որ անոնք կ՚առաջնորդուին իրենց շահերով:
1915 թուականին բոլորը երաշխիքներ կու տային: Տեսանք, թէ սա ինչով վերջացաւ:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի