ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Քրիստիան Ալպերթուս Պասսոնը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ ընդգծեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ Ափրիկէի երկիրներու հետ, ներառեալ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, զարգացնել բարեկամական ու փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւնները։ Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ թէեւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են 1992 թուականին, սակայն անոնց ներկայ համագործակցութիւնը հեռու է փափաքելի մակարդակէն։ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու՝ յատկապէս ՄԱԿ-ի շրջանակներէն ներս երկու երկիրներու համագործակցութեան մասին։ Ան կարեւորեց Հայաստանի տեսակէտէ էական նշանակութեամբ հարցերու գծով, մանաւանդ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առընչութեամբ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշումը։
Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեան երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որու հիման վրայ Պերլինի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Աշոտ Սմբատեան, որ յառաջիկայ օրերուն պաշտօնավարութեան պիտի ձեռնարկէ Գերմանիոյ մէջ։