ՀԱՍՑԷԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին անընդհատ։ Վերջին օրերուն դարձեալ տեղի ունեցան Ատրպէյճանի կողմէ յարձակումներ, ինչ որ ստեղծեց լայն արձագանգ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու մայրաքաղաքներէն ալ հնչեցին գնահատականներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծին վրայ իրավիճակի լարուածութիւն սկսած է Ատրպէյճանի գործողութիւններուն հետեւանքով։ Ան այս տուեալը փոխանցեց վկայակոչելով Մոսկուայի ունեցած աղբիւրները։ «Ռուսաստան՝ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդ, կը դատապարտէ հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերը եւ կոչ կ՚ուղղէ կողմերուն, որպէսզի անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն ձեռնարկեն՝ հակամարտութեան գօտիէն ներս հետագայ լարուածութեան կանխարգիլման համար», ըսաւ Մարիա Զախարովա։
Բաց աստի, ըստ ռուս բանբերին, զանազան աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութիւններով՝ ներկայ շաբթուան սկիզբին Ատրպէյճանի կողմէ գնդակոծուած է շփման գծի միւս կողմը գտնուող ռազմական կառոյց մը եւ այդ գնդակոծման համապատասխան ձեւով արձագանգած է միւս կողմը։ «Այս հարցին շուրջ Ռուաստանի սկզբունքային դիրքորոշման մասին ես բազմիցս խօսած եմ», ըսաւ Մարիա Զախարովա։
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Զախարովային ուղղուեցաւ հարցում մը՝ նախարարներու մակարդակով եռակողմանի նոր հանդիպման մը հաւանականութեան շուրջ։ Ի պատասխան ան ըսաւ, որ տակաւին չունի այս մասին յայտարարելու բան մը եւ եթէ շփումներ նախատեսուին՝ ապա անպայման հաղորդումներ պիտի ըլլան այդ մասին։
Հայաստանեան լրատուամիջոցները կարեւորութեամբ արձագանգ հանդիսացան Մարիա Զախարովայի այն խօսքերուն, ըստ որոնց շփման գծին վրայ հրադադարի խախտումը տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հակլընտ (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Արցախի շփման գծին վրայ վերջին օրերուն տեղի ունեցած լարուածութեան շուրջ։ Եռանախագահները այս յայտարարութեան մէջ մատնանշեցին, որ Ատրպէյճանի կողմէ հրթիռ մը արձակուած է շփման գծին վրայ։ «news.am»ի հաղորդումներով, միջնորդներու յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.
«Ըստ բազմաթիւ հաւաստի աղբիւրներէ հաւաքուած տեղեկատուութեան, Ատրպէյճան Մայիսի 15-ին շփման գծին վրայ հրթիռ արձակած է՝ ոչնչացնելով ռազմական սարքաւորում։ Մայիսի 16-ի երեկոյեան եւ յաջորդ օրը հայկական զինեալ ուժերը պատասխանած են զանազան տրամաչափի ակնանետային կրակահերթերով։ Երկու կողմերու նման գործողութիւնները կը հանդիսանան հրադադարի դրութեան զգալի խախտում եւ տագնապի առիթ։ Հակասական տեղեկութիւններ կան վերջին հրթիռակոծումներու թիրախներու, անոնց հետեւանքով տուժածներու եւ յառաջացած վնասի մասին։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ու ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչը կը շարունակեն յաւելեալ տուեալներ ու վերլուծութիւններ հաւաքել՝ առկայ իրավիճակին մասին առաւել յստակ պատկեր մը ունենալու համար։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը դատապարտեն վերջին օրերու հրադադարի դրութեան խախտումները ու կողմերուն կոչ կ՚ուղղեն, որպէսզի անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկեն՝ հակամարտութեան գօտիէն ներս ապագայ սրումէ խուսափելու համար»։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Միջնորդներու վերոյշեալ յայտարարութեան անմիջապէս արձագանգեց Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը։ Արցախի իշխանութիւնները համոզուած են, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու այս հասցէական յայտարարութիւնը նոր որակ մըն է հրադադարի պահպանման ջանքերուն մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան միջնորդներու վերջին յայտարարութեան կապակցութեամբ «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտնեց հետեւեալը. «Սա շատ դրական զարգացում մըն է։ Մենք միշտ ըսած ենք՝ ժամանակն է, որ յայտարարութիւնները ըլլան հասցէական եւ կոշտ։ Գուցէ առաջին անգամ է, որ այսպիսի համախմբուած ու հասցէական յայտարարութիւն մը կը հնչէ, բայց յստակ կը նշուի, որ Մայիսի 15-ին Ատրպէյճան խախտած է հրադադարի դրութիւնը, խոցած է զինուորական սարքաւորում մը եւ ի պատասխան Արցախ ստիպուած դիմած է պատասխան գործողութիւններու։ Սա ցոյց կու տայ, որ նոր որակ կը հաղորդուի հրադադարի դրութեան պահպանման ջանքերուն»։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Դաւիթ Պապայեան նշեց, որ եթէ յայտարարութիւնը հասցէական է, ապա կայ յստակ գնահատական, իրերը կը կոչուին իրենց անուններով, ապա սա առաջնային հիմնքն է, որպէսզի ատկէ վերջ սկսի նոր գործընթաց մը։ Այսինքն՝ հրադադարը խախտողը պատասխան տայ իր ըրածներուն համար։ Ան աւելցուց.
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի յայտարարութիւնը կը խօսի այն մասին, որ բոլորը շահագրգռուած են, թէ տարածքաշրջանէն ներս պահպանուի կայունութիւն, խաղաղութիւն։ Ալիեւի արկածախնդրութիւնը, ներքին հասարակութեան ուշադրութիւնը նման վտանգաւոր ձեւով շեղելը անընդունելի է։ Կը կարծեմ, թէ այս յայտարարութեան պիտի հետեւին համապատասխան գործընթացներ։ Մի գուցէ անոնք հրապարակային պիտի չըլլան, սա պարտադիր չէ։ Միջազգային հանրութիւնը աւելի յստակ ու յամառօրէն պիտի ներկայացնէ իր դիրքորոշումը»։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԽՕՍՔԵՐԸ
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանն ալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ Եւրոխորհուրդի Նախարարաց կոմիտէի 127-րդ ժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ մէջ։ Ըստ Նալպանտեանի, Պաքու կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրերը։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան կը հրաժարի իրականացնել խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու միտուած համաձայնութիւնները, թէեւ անոնց կարեւորութիւնը ընդգծուած է զանազան հանդիպումներու ժամանակ։
Նալպանտեան յիշեցուց, որ 2016 թուականի Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներէն վերջ տեղի ունեցած է երկու գագաթաժողով ու ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ՝ միտուած խաղաղ գործընթացի յառաջ մղման նպատակով բարենպաստ պայմաններու ստեղծման։ Պաքու կը հրաժարի իրականացնել այդ համաձայնութիւնները, հակառակ անոր, որ անոնց կարեւորութիւնը ընդգծուած է բազմաթիւ առիթներով, ներառեալ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի։ Արտաքին գործոց նախարարներու վերջերս տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպման ընթացքին։ «Աւելին, հակառակելով ԵԱԿՀ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան հետեւողական կոչերուն՝ խստօրէն պահպանելու հրադադարի դրութիւնը, Պաքու կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրերը», աւելցուց Նալպանտեան։