ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ՝ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլի թեկնածուներէն Սինան Օղանի հետ, որու ապահոված աւելի քան 5 տոկոս քուէն անակնկալ կը համարուի քաղաքական մեկնաբաններուն կողմէ։ Երէկուան տեսակցութիւնն ալ տեղի ունեցաւ անակնկալ, քանի Էրտողանի պաշտօնական ժամանակացոյցին վրայ նախատեսուած չէր։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս եւ տեւեց շուրջ ժամ մը։ Զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդուեցաւ։
Նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին ընդառաջ, երկու հիմնական թեկնածուներուն՝ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի կողմէ առաջնահերթ նպատակ դարձած է հնարաւորինս սիրաշահիլ այն զանգուածը, որ առաջին փուլին քուէարկեց ի նպաստ Սինան Օղանին։
Մինչ այդ, Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդն ալ երէկ նախագահական ընտրութեան վերջնական ու պաշտօնական արդիւնքը հրապարակեց Պաշտօնաթերթին մէջ։ Այսպէս, առաջին փուլին Էրտողան ստացած է քուէներու 49.52 տոկոսը, իսկ Քըլըչտարօղլու 44.88 տոկոսը։
Միւս կողմէ, ընտրութեան երկրորդ փուլին ընդառաջ նախագահ Էրտողան թրքական եւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին կը մնայ։ Այսպէս, զանազան առիթներով ան կը շեշտէ, որ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը թրքական ժողովրդավարութեան տեսակէտէ նոր փորձառութիւն մը կը համարուի։ Ան վստահութիւն կը յայտնէ, թէ ազգը պիտի վարուի՝ գերադասելով Թուրքիոյ ամուր ժողովրդավարութիւնը։ Նախագահ Էրտողան յստակ կը շեշտէ նաեւ, որ իր վերընտրութեան պարագային երկրին մէջ ոեւէ մէկը պիտի չկորսնցնէ։