ՓՈՒԼ ԱՌ ՓՈՒԼ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շատ մօտ են վերջնական համաձայնութեան։ Երէկ, Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ բանակցութիւններ։ Այսպէս, Լաւրով նախ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Միրզոյեանի եւ Պայրամովի հետ, իսկ աւելի վերջ քննարկումները ծաւալուեցան եռակողմանի ձեւաչափով։

Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ աշխատանքները կ՚ընթանան՝ միջազգային բեմահարթակի վրայ Արեւմուտք-Ռուսաստան մրցակցութեան ստացած թէժ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Մօտաւոր անցեալին Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած իրերայաջորդ շփումներէ վերջ երէկ ալ Մոսկուայի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը դրուեցան սեղանի վրայ։ Անկախ միջնորդական պարագաներով պայմանաւորուած ազդեցութեան պայքարներէն կամ մրցակցութեան հանգամանքներէն՝ իւրաքանչիւր բանակցութենէ վերջ կը կատարուին դրական յայտարարութիւններ եւ կը խօսուի դրական արդիւնքներու մասին։ Ըստ երեւոյթին, կարելի է թէկուզ դանդաղ փուլ առ փուլ յառաջընթացի մը մասին խօսիլ, սակայն այս տպաւորութիւնը լրջօրէն կասկածի տակ կը մնայ՝ քանի սահմանի վրայ կրակոցները չեն դադրիր եւ Ատրպէյճանի յարձակումները կը շարունակուին։

Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններէն վերջ Սերկէյ Լաւրով հրապարակեց որոշ մանրամասնութիւններ։ Բացի վերջնական համաձայնութեան մօտ ըլլալու պարագան մատնանշելէ, Լաւրով տեղեկացուց, որ յաջորդ շաբաթ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու գլխաւորած աշխատանքային խումբին նոր հանդիպումը։ Ծանօթ է, որ այս աշխատանքային խումբը ստեղծուած է փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հարցերը լուծելու՝ յետպատերազմեան մթնոլորտի մէջ, այս երեք երկիրներու ղեկավարներուն մակարդակով գոյացած համաձայնութիւններուն ի շարունակութիւն։ Աշխատանքային խումբին գործունէութիւնը բաւական երկար ժամանակէ ի վեր դադրած էր։ Մոսկուայի երէկուան բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ այժմ այդ աշխատանքի վերականգնման հորիզոնը ուրուագծուած է։ «Լիայոյս ենք, թէ դրական արդիւնք կ՚ըլլայ։ Կողմերը շատ շատ մօտ են վերջնական պայմանաւորուածութեան։ Եւ համաձայնած ենք յառաջիկային սահմանազատման, սահմանագծման եռակողմանի յանձնաժողովի նիստ կազմակերպել՝ Ռուսաստանի խորհրդատուական աջակցութեամբ», ըսաւ Սերկէյ Լաւրով։ Երէկուան բանակցութիւններուն լոյսին տակ, ըստ երեւոյթին, կարելի է ըսել, որ ռուսական կողմը որոշած է բաւական աշխուժանալ։ Արդարեւ, այժմ օրակարգի վրայ է նաեւ հաւանականութիւնը, որպէսզի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ նոր գագաթաժողով մըն ալ կազմակերպուի՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ ու տանտիրութեամբ։ Յամենայնդէպս, առաջին քայլափոխին կ՚ակնկալուի եռակողմանի աշխատանքային խումբին ժողովը։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքն ալ երէկ յայտնեց, որ աշխատանքներ կը տարուին՝ այդ հանդիպման ժամկէտներու յստակեցման համար։ Մոսկուայի աշխուժացման ի շարունակութիւն՝ խորհրդանշական յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քիրիլ Պատրիարքը, որ վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը՝ միջնորդելու համար Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ատրպէյճանի Շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի միջեւ նոր հանդիպման մը կազմակերպման առաջադրութեամբ։

Սերկէյ Լաւրով երէկուան հանդիպումէն յետոյ կրկնեց, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը քննարկուած է։ Ըստ իրեն, առանձին նիւթ մը եղած է խաղաղութեան պայմանագիրը, որու վրայ կողմերը այժմ կ՚աշխատին եւ որ այժմ աշխուժօրէն կը քննարկուի նաեւ այլ միջնորդներու մասնակցութեամբ։ «Խաղաղութեան պայմանագրի վրայ աշխատանքը, անկասկած, հիմնարար է, բայց մեր գործընկերները այսօր հաստատեցին, որ առանց սահմանազատման, առանց փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հարցերու լուծման, առանց թէ՛ Ղարաբաղի մէջ եւ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ իրավիճակի ընդհանուր բարելաւման՝ շատ դժուար է յառաջ շարժիլ խաղաղութեան պայմանագրի կէտերով», ըսաւ ռուս նախարարը եւ աւելցուց, որ երէկուան բանակցութիւններուն ժամանակ կարելի եղած է կողմերու ընկալումները մօտեցնել՝ խաղաղութեան պայմանագրի ընդհանուր ընկալման շուրջ։ Լաւրով երէկ ալ կրկնեց ռուսական կողմին յամառօրէն արտայայտած մօտեցումը, թէ եռակողմանի համաձայնութիւնները անայլընտրանք են։ «Ռուսաստան Հարաւային Կովկասի մէջ ունի ամենալուրջ շահերը, ուստի պիտի ձգտինք, որպէսզի միջոցառումները հնարաւորինս յստակ արդիւնքներ տան», յայտնեց Լաւրով։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեանն ալ Սերկէյ Լաւրովի հետ երկկողմանի հանդիպման ընթացքին ըսաւ. «Ըստ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան՝ Լաչինի միջանցքը պէտք է մնայ Ռուսաստանի վերահսկողութեան ներքեւ, սակայն այժմ, դժբախտաբար, հնարաւոր չէ արձանագրել, որ Ռուսաստան կը վերահսկէ զայն»։ Եռակողմանի բանակցութիւններու սկիզբին ալ Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շարք մը յօդուածներուն, նիւթերուն շուրջ յառաջընթաց ձեռք բերուած է։ Ան աւելցուց, որ ըմբռնում կը նկատուի հաղորդակցութիւններու բացման, ապաշրջափակման, Ալմա-Աթայի հռչակագրին հիման վրայ ապագայ սահմանազատման մասին։ Միեւնոյն ժամանակ, Միրզոյեան շեշտեց ապագային ուժի կիրառումէն զերծ մնալու կարեւորութիւնը։

Երէկուան եռակողմանի բանակցութիւններէն վերջ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով ներկայացուցած են իրենց դիրքորոշումները՝ եռակողմանի յայտարարութիւններու կատարման ընթացքին շուրջ։ Կողմերը շարունակած են խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի նախագծին վրայ աշխատանքը։ Կարծիքի շինիչ փոխանակում տեղի ունեցած է այն հարցերուն շուրջ, որոնց պարագային կողմերը տարաձայնութիւններ ունին։ Միրզոյեան եւ Պայրամով ռուսական կողմին յայտնած են իրենց գնահատանքը՝ բանակցութիւններու կազմակերպման համար։ Կողմերը համաձայնած են քըն-նարկումները շարունակել։

Հարկ է նշել, որ նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւն մըն ալ հրապարակուած է Պաքուի կողմէ։

Մինչ Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ Մոսկուայի մէջ, ընդհանուր առմամբ, դրական շեշտով արտայայտութիւններ ունեցաւ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ վիճելի արտայայտութիւններ ունեցաւ։ Պաքուի մէջ, Հնդկաստանի դեսպանը ընդունելու ժամանակ Ալիեւ ըսաւ. «Եթէ Երեւան խաղաղութիւն կ՚ուզէ Պաքուի հետ, ապա ինչո՞ւ 100 միլիոն տոլարի զէնք կը գնէ»։ Ան այս հարցումը բարձրացուց՝ անդրադառնալով Հայաստան-Հնդկաստան պաշտպանութեան ոլորտի համագործակցութեան, որ թափ ստացած է վերջին շրջանին։

Շաբաթ, Մայիս 20, 2023