«ԱՐԱՍ»Ի ՄԷՋ ԳՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
«Արաս» հրատարակչութեան «Եսայեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական շնորհանդէս մը, որ համախմբեց երաժշտասէրներ եւ գեղարուեստասէրներ։ «Արաս» միջոց մը առաջ հրատարակած էր ամերիկահայ յայտնի ուտահար Արա Տինքճեանի գործերուն թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Արա Տինքճեանի երգեր» անուանեալ այս գիրքին համար գինեձօն մը կազմակերպուեցաւ՝ նկատի ունենալով, որ Արա Տինքճեան այս օրերուն կարգ մը համերգներու առթիւ Իսթանպուլ կ՚այցելէ։ Իր ներկայութեան ընձեռած առիթէն օգտուելով «Արաս»ի ընտանիքը նախաձեռնած էր այս շնորհանդէսին, որու ընթացքին հեղինակին հետ զրուցեցին հրատարակչատան գլխաւոր խմբագիր Նեսրին Ուչարլար եւ Պուրճու Եըլտըզ, որ եղած էր գիրքին խմբագիրը։
Հաճելի զրոյցի մը ձեւաչափին մէջ Արա Տինքճեան բացատրեց, որ ունեցած էր երաժշտութեամբ թրծուած ընտանեկան մթնոլորտ մը, ուրկէ հասակ առնելու ժամանակ ներշնչուած էր նաեւ եկեղեցական երաժշտութենէն։ Երաժշտանոցի տարիներուն առանձնապէս անդրադարձաւ յայտնի արուեստագէտը, որու ջանքերով հաստատուած է ուտի բաժին մը։ Արա Տինքճեան երաժշտական գործունէութեան անկիւնադարձներէն մին համարեց նոյնպէս յայտնի վարպետի մը՝ Արթօ Թունչպոյաճեանի հետ ծանօթութիւնն ու համագործակցութիւնը։
«Վերջին հաշուով ձեր նախնիներու ծինը կը կրէք։ Նոյնիսկ եթէ Նիւ Եորքի մէջ ծնած ըլլաք, ապա ձեր մեծ հօր նման կը գրէք», ընդգծեց ձեռնարկի ընթացքին Արա Տինքճեան։
Հուսկ, տեղի ունեցաւ խորհրդանշական գինեձօնը, ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ երաժշտական կատարումներ լսելու։