ՌԱՅԻՍԻ ԱՐԿԱԾԻ ԶՈՀ

Միջազգային օրակարգը երէկ երեկոյեան ժամերուն յեղաշրջուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի մահուան ցնցիչ լուրով։ Դէպքը պատահեցաւ Իրան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Ռայիսի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ սահմանին վրայ համատեղ կառուցուած ջրամբարի մը բացման պաշտօնական արարողութեան մասնակցած էին։ Դէպքը պատահեցաւ վերադարձի ճանապարհին։ Նախ հաղորդուեցաւ, որ Ռայիսիի ուղղաթիռը ստիպողաբար «կոշտ վայրէջք» կատարած է, աւելի ուշ արդէն տեղեկացուեցաւ, թէ տուեալ ուղղաթիռը կործանուած է եւ նախագահը, նախարարն ու իրենց միւս ընկերակիցները զոհ գացած են դէպքին։ Իրանի մէջ համազգային սուգ յայտարարուած է եւ Ռայիսիի լիազօրութիւնները երկու ամսով ստանձնած է առաջին փոխ-նախագահ Մուհամմէտ Մուհպիր՝ ըստ երկրի սահմանադրութեան։ Յառաջիկայ 50 օրերու ընթացքին ալ պէտք է նոր նախագահի մը ընտրութիւնը կազմակերպուի։ Անշուշտ, այս դէպքը դուռ բացած է բազում վարկածներու՝ մինչ ուղղաթիռի արկածի զոհերու մարմինները Թաւրիզ ուղարկուած են դատաբժշկական քննութեան։ Անշուշտ, սա եթէ եղած է արկած մը, Իրանի մէջ ցաւալի պատահարին զուգահեռ նոր շրջանի մը սկիզբը պիտի բնորոշէ։ Յամենայնդէպս, եթէ պարզուի, որ Իրանի նախագահը մահափորձի մը զոհ գացած է, ապա այդ պարագային ամէն ինչ աւելի տարբեր հեռանկարներու յղի պիտի ըլլայ։ Երէկ Թեհրանէն պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ՝ կառավարութեան աշխատանքի առանց խախտումներու շարունակութեան մասին։

Ռայիսիի վերջին հանդիպումը այսպէսով տեղի ունեցած եղաւ Ալիեւի հետ։ Այս վերջինը Ռայիսիի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման գործընթացին՝ շեշտելով, որ դրական արդիւնքը յոյս կը ներշնչէ, թէ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջապէս կրնայ կնքուիլ։ Ալիեւը Ռայիսիի հետ շեշտած էր նաեւ, որ օտարներու միջամտութիւնը անընդունելի է, խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պէտք է ապահովուի տարածաշրջանի երկիրներուն կողմէ։ Ալիեւ նշած էր, որ ոչ ոք կրնայ պառակտում մտցնել Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2024